Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետը Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութիւնը Կարելի Նկատած Է

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոշթաբա Խամենէին Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հաւաստիացումներէն ետք համաձայնած է դիտարկել Միացեալ նահանգներու հետ երկխօսութիւն կատարելը: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը:

Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին համաձայն, Փեզեշքիան մասնաւորաբար ըսած է, թէ Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կիրարկած ծովային շրջափակման հետեւանքով Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը յայտնուած է տնտեսական ճգնաժամի եզրին, եւ եթէ բանակցութիւնները չշարունակուին, ապա ինք պատրաստ է հրաժարական տալու:

Իրանի Կեդրոնական դրամատան ղեկավար Ապտոլնասեր Խամաթի իր կարգին նշած է, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունի, արդէն իսկ յառաջիկայ շաբաթներուն, պարէնի եւ դեղորայքի բացի ռիսք:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը այդ ամէնը հաշուի առնելով համաձայնած է Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ կատարելուն` ընդգծելով, սակայն, թէ համաձայնութեան հաւանութիւն պիտի տայ, միայն եթէ համաձայնագիրի պայմաններուն համաձայնութիւն տայ Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդը:

 

 

Leave a Comment