Սուրիոյ նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարեց, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն պիտի այցելէ Սուրիա` երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութիւններն ու հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր քննարկելու համար:
Ըստ Սուրիոյ նախագահական պալատին, Ֆրանսայի նախագահին պիտի ընկերակցին ներդրողներէ եւ ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը, «ինչ որ երկու կողմերուն քաղաքական թղթածրարներու կողքին տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղուածութեան ցուցանիշ է»:
«Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակիցը երկու պատուիրակութիւններուն հետ երկխօսութեան կլոր սեղան պիտի կատարեն», աւելցուց նախագահական պալատը:
«Քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի շրջանային ու միջազգային կացութիւններու զարգացումներուն, եւ տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի գործակցութեան հորիզոններուն` քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու երկխօսութիւնը շարունակելու հասարակաց նախանձախնդրութեան ծիրին մէջ», նշեց Սուրիոյ նախագահական պալատը: