Բրիտանիան Եւ Ֆրանսան Պատրաստ Են Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Բազմազգեան Զինուորական Առաքելութիւն Տեղակայելու

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին. «Բրիտանիան ու Ֆրանսան պատրաստ են բազմազգեան զինուորական առաքելութիւն տեղակայելու` Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումի ազատութեան աջակցելու համար»:

Նախքան այդ, Մաքրոն յայտարարեց. «Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումը շրջանային կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ է»:

«Տեղակայեցինք ականազերծման մասնագիտացած միջոցներ, որոնց շարքին ականազերծման աշխատանք տանող երկու նաւեր եւ երկու յածանաւեր` նպաստելու համար Հորմուզի նեղուցէն անվտանգ անցքին», նշեց Մաքրոն:

 

Leave a Comment