Անկախութեան Տօնին Առիթով Արտասանած Խօսքին Մէջ. Թրամփ. «Միացեալ Նահանգները Իմ Շրջանիս Աւելի Հպարտ Դարձան»

Միացեալ Նահագներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկրի անկախութեան 250-ամեակին առիթով արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ անիկա «մարդկութեան պատմութեան մէջ մեծագոյն ձեռքբերումն է», եւ առիթը օգտագործեց իր ներքին ընդդիմախօսները քննադատելու` զանոնք նկատելով համայնավարներ:

Նշենք, որ անոր խօսքի արտասանութիւնը ժամերով ուշացաւ Ուաշինկթընի մէջ փոթորիկի հետեւանքով, որուն պատճառով հաւաքուած ժողովուրդը ցրուեցաւ:

Թրամփ նշեց, որ Միացեալ Նահանգները իր նստաշրջանին «աւելի հպարտ դարձան, քան երբեւէ»:

Ան տասնեակ հազարաւոր ներկաներու առջեւ ըսաւ. «2,5 դարու ընթացքին մեր ամերիկեան հանրապետութիւնը մարդկութեան պատմութիւնը պսակող ձեռքբերում մնաց», եւ բարձր գնահատեց Համաշխարհային Բ. պատերազմի, քորէական պատերազմի եւ Վիեթնամի պատերազմի վեթերանները` նշելով, որ վերջին երկուքը «համայնավարներու» դէմ էին:

«Մեր զինուորները աշխարհի տարածքին մարտի դաշտերուն մէջ համայնավարութեան դէմ չկռուեցան, որպէսզի այդ վտանգը իր տգեղ գլուխը ցցէ այստեղ` Ամերիկայի մէջ: Ատիկա պիտի չարտօնենք», ըսաւ Թրամփ:

Leave a Comment