Ապահովական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ժարամանա քաղաքի մուտքին անցարգելի մը վրայ մոթորսիքլեթի վրայ երկու անձեր կանգնեցուեցան սովորական կերպով անոնց ինքնութիւնը ստուգելու համար»:
«Խուզարկումի ընթացքին կալանաւորուածներէն մէկը ատրճանակէ քանի մը փամփուշտ օդը կրակեց, նախքան անցարգելին վրայ եղող զինուորներուն ուղղութեամբ երկու ձեռնառումբեր նետելը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ երեք զինուորներ վիրաւորուին», ըսաւ աղբիւրը:
«Կրակողի երրորդ ձեռնառումբ նետելու փորձի ժամանակ ռումբը ձեռքը պայթեցաւ, այդ պատճառով ալ ան անմիջապէս մահացաւ», աւելցուց աղբիւրը:
«Անոր դիակը հիւանդանոց տեղափոխելէ եւ ինքնութիւնը ստուգելէ ետք, ի յայտ եկաւ, որ մարդասպանութեան եւ թմրեցուցիչի վաճառքի ոճիրներու համար որոնուող մըն է», նշեց ապահովական աղբիւրը:
Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի կէսօրէ ետք ալ Դամասկոսի մէջ պայթում մը տեղի ունեցած էր: Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ մայրաքաղաք Դամասկոսի Հիժազ շրջանին մէջ պայթումը տեղի ունեցած է սրճարանի մը մէջ: Սուրիոյ «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ արդարադատութեան պալատին մօտ սրճարանի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումը լարուած ականի պատճառով է:
Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը պայթումին վերաբերեալ վերջնական տուեալները յայտարարելով յայտնեց, որ պայթումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 10-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը 21 է: