Ֆիտան. «Մենք Իսրայէլի Հետ Բախումէն Չենք Վախնար»

Մենք Իսրայէլի հետ բախումէն չենք վախնար: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան:

«Իսրայէլ այժմ նոր թշնամի կը փնտռէ: Քանի տակաւին Իսրայէլ կամ որեւէ այլ դերակատար կը գործէ մեր ազգային ու շրջանային շահերուն դէմ, մենք վախնալու, կասկածելու կամ նահանջելու պատճառ չունինք:

«Մենք բախումին առնչուած խնդիր չունինք: Եթէ բանը հասնի հոն, ատիկա մեզի համար խնդիր պիտի չըլլայ: Իսրայէլը միայն մեր խնդիրը չէ, ատիկա ամբողջ աշխարհի խնդիրն է», ըսած է Ֆիտան:

 

 

Leave a Comment