Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանի հետ ճակատումը ինքնին պատերազմ չէ, այլ հիւլէական զէնքի խլման գործողութիւն: Ան այս մասին յայտնեց «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Բացարձակապէս չեմ կրնար Իրանին արտօնել հիւլէական զէնք ունենալ, եւ շուրջ չորս ամիսէ ի վեր զայն զինաթափելու ջանքեր կը ղեկավարեմ», նշեց ան:
«Իրան գրեթէ մեր ամբողջ ուզածին համաձայն գտնուեցաւ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով, որ Իրան անցնող 47 տարիներուն ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ խուլիկանութիւն կատարած է` Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներու տկարութեան պատճառով:
Թրամփ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարրաք Օպամա Իրանին 1,7 միլիառ տոլարի պատրաստ գումար յանձնած է, որպէսզի իր զէնքերն ու հրթիռները զարգացնէ:
«Միացեալ Նահանգներ խիստ հսկողութեան եւ հեռահաղորդակցութեան լռութեան պայմաններու տակ յաջողեցան մէկ գիշերուան մէջ Հորմուզի նեղուցէն 22 հսկայ քարիւղատարներ դուրս բերել», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Թրամփ նշեց. «Անհեթեթ է, որ Միացեալ Նահանգները, փոխադարձ վերաբերմունքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, ՕԹԱՆ-ի աջակցութեան մէջ միակողմանի հոլովոյթը շարունակէ: