Թեհրանի մէջ ընթացք առին հանգուցեալ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի յիշատակի արարողութիւնները:
Աւելի քան չորս ամիս առաջ, Խամենէին իր քանի մը համախոհներուն եւ ընտանիքի անդամներուն հետ սպաննուեցաւ Իրանի վրայ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմի առաջին իսկ օրը:
Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներու, աւելի քան 30 տարի Իրանը ղեկավարած գերագոյն հոգեւոր պետի մարմինը երէկ առաւօտեան տեղափոխուած է Թեհրանի գլխաւոր աղօթավայր:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, թէ շուրջ 100 պետութիւններէ պատուիրակութիւններ, 8 ղեկավարներ եւ 12 խորհրդարանի նախագահներ պիտի մասնակցին Խամենէիի վերջին հրաժեշտի արարողութեան:
Ան նշեց, որ Իրանի վրայ իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակումին աջակցող պաշտօնական դիրքորոշում որդեգրած եւրոպական պետութիւնները արարողութեան մասնակցութեան չեն հրաւիրուած: