Վենեզուելայի Մէջ Երկրաշարժներու Զոհերու Թիւը Բարձրացած Է Աւելի Քան 2500-ի

Վենեզուելան հարուածած ուժգին իրերայաջորդ երկու երկրաշարժներուն պատճառով զոհերու թիւը հասած է 2595-ի: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկես:

«Այսօրուան դրութեամբ` 2595 զոհ», լրագրողներուն ըսած է ան: Վիրաւորներուն թիւը հասած է 12400-ի:

Յիշեցենք, որ 24 յունիսին Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցած են հզօր իրերայաջորդ 7,2 եւ 7,5 աստիճան ուժգնութեամբ երկու երկրաշարժներ: Անոնք արձանագրուած են Մորոն քաղաքէն 16 քիլոմեթր եւ Սան Ֆիլիփէէն 24 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Աղէտին պատճառով ամբողջութեամբ աւերուած է 189 շէնք: Ամէնէն բարդ իրավիճակը ստեղծուած է Լա Կուայրա նահանգին մէջ:

Երկրաշարժները վերջին 126 տարուան ընթացքին Վենեզուելան հարուածած ամէնէն ուժեղը դարձած են:

 

Leave a Comment