Հեծելարշաւ. Ժամացոյցի Դէմ Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կազմակերպեց ժամացոյցի դէմ Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումները Պէյրութի գետին մօտ գտնուող «Տեպպաս» ընկերութենէն մինչեւ Շեվրոլէ-Ալֆա խաչմերուկը եւ դէպի Քարանթինայի ճամբան երթուդարձով:

Այս ախոյեանութեան մասնակցեցան 75 մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնեն ֆետերասիոնին մաս կազմող ակումբները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բանակի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու մարզիկներ:

Մրցումին երկարութիւնը 32,8 քմ էր «Էլիթ»-ներու պարագային, մինչ «մասթըրզ» եւ աղջկանց մրցումները 24,6 քիլոմեթրի վրայ երկարեցան:

Երիտասարդներու մրցումի երկարութիւնն էր 16,4 քմ:

Մասթըրզի մրցումներու առաջին դիրքը գրաւեց Ժորժ Էսքանտար (Ներքին ապահովութեան ուժեր), որ 24,6 քմ երկարութիւնը կտրեց 35 վայրկեան եւ 49 երկվայրկեանէն, միջին հաշուով 41,21 քմ ժամական արագութեամբ: Բ. դիրքը գրաւեց Ֆատի Միր (Ռայզ Էնտ Ռէյզ) 36 վայրկեան եւ 25 երկվայրկեան ժամանակով, մինչ Պասսամ Տըննաուի (Ղազալ ակումբ, Թրիփոլի) գրաւեց երրորդ դիրքը` 37 47″ արդիւնքով:

«Էլիթ»-ներու մրցումին Սքանտար Փանայոթ (Ռայզ Էնտ Ռէյզ) գրաւեց առաջին դիրքը` 32,8 քմ կտրելով 46′ 34″ ժամանակով, միջին հաշուով 42,26 քմ ժամական արագութեամբ: Բ. դիրքը գրաւեց Մարք Քալլաս (Ալէյի հեծելարշաւի ակումբ) 46′ 56″ արդիւնքով, մինչ Նաֆեզ Քամալէտտին (Ղազալ ակումբ, Թրիփոլի) գրաւեց 3-րդ դիրքը` 47′ 16″ արդիւնքով:

Աղջկանց մրցումներուն, Ռամոնա Խալիֆէ (լիբանանեան հեծելարշաւի ակումբ, Արապսալիմ) գրաւեց առաջին դիրքը 38′ 58″ արդիւնքով, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիկ Թամարա Զէյն գրաւեց Բ. դիրքը` 40′ 45″ արդիւնքով, իսկ Էլսի Ասմար (Ռայզ Էնտ Ռէյզ) գրաւեց 3-րդ դիրքը` 50′ 11″ արդիւնքով:

Երիտասարդներու մրցումներուն, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկ Պշարա Հաժ կրցաւ 16,4 քմ հեռաւորութիւնը կտրել 24′ 40″ ժամանակով` գրաւելով առաջին դիրքը:

Ահմետ Մաշմուշի (Ռայզ Էնտ Ռէյզ) գրաւեց երկրորդ դիրքը 25′ 06″ ժամանակով, մինչ Ռուբէն Թէնքերեան (Ռայզ Էնտ Ռէյզ) գրաւեց երրորդ դիրքը` 27′ 40″ ժամանակով:

Այս մրցումները տեղի ունեցան հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Հրայր Սաթոյեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ թեքնիք յանձնախումբի նախագահ Նազարէթ Հապիպեանի եւ ֆետերասիոնի բոլոր անդամներուն: Այս մրցումներուն վստահուած էր արհեստավարժ ընկերութեան, որ արդիական ձեւով չափեց բոլոր մասնակիցներուն ժամանակները:

Ինչպէս միշտ, Ներքին ապահովութեան ուժերը, լիբանանեան բանակին հետ միասին, մրցումի պահուն հսկեցին ճամբաները` ապահովելով բոլոր մարզիկներուն ապահովութիւնը, փակելէ ետք շրջավազքը:

Պէտք է նշենք, որ ֆետերասիոնը այս կիրակի օր պիտի կազմակերպէ ճամբու յարմար հեծիկներու Լիբանանի ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Զաարուր-Պասքինթա մայրուղիին վրայ:

Leave a Comment