Մխիթարեան Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Ինթերի Հետ

Հենրիխ Մխիթարեան պիտի մնայ Միլանի Ինթեր ակումբին հետ տարեշրջան մը եւս: Իտալական ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ 37 տարեկան հայ միջնապահին հետ երկարաձգած է պայմանագրութիւնը մինչեւ 30 յունիս 2027:

Ըստ նոր համաձայնութեան, Մխիթարեան 2 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ: Այսպիսով «ներաձուրիներ»-ու ամէնէն փորձառու ֆութպոլիստներէն մէկը տարեշրջան մը եւս պիտի մնայ ակումբին մէջ` շարունակելով իր յաջող պատմութիւնը Միլանի մէջ:

Մխիթարեան 2022-ին տեղափոխուած էր Ինթեր եւ դարձած Ինթերի միջնապահ դիրքի ամէնէն կարեւոր դէմքերէն: Հայ ֆութպոլիստը ինքզինք փաստեց իբրեւ հիմնական մարզիկ` շնորհիւ իր կայունութեան, բարձր մակարդակի թաքթիքային մտածողութեան եւ մրցումին արագութեան վերահսկելու բարձր կարողութեան: 4 տարեշրջանի ընթացքին Մխիթարեան Ինթերի հետ 187 մրցումներու մասնակցած է` նշանակելով 12 կոլ եւ կատարելով 21 էսիսթ: Ան երկու անգամ շահած է «Սերի Ա.»-ի տիտղոս, Իտալիոյ Բաժակի մրցաշարքի տիտղոս (2 անգամ), ինչպէս նաեւ գերբաժակը (2 անգամ):

Ան մասնաւորապէս անմոռանալի ելոյթներ ունեցած է Ա. Սէ. Միլանի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականին, երբ կոլ նշանակեց, եւ 2023-ի «Միլանի տերպի»-ին, երբ 2 կոլ նշանակեց օգնելով Ինթերին, որ 5-1 արդիւնքով յաղթական դուրս գայ:

Պայմանագիրի երկարաձգումը կը հաստատէ, որ Ինթեր կը շարունակէ բարձր գնահատել Մխիթարեանի դերը ոչ միայն դաշտին վրայ, այլ նաեւ հանդերձարանին մէջ ալ: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, Մխիթարեան կը մնայ Ինթերի լաւագոյն մարզիկներէն մէկը եւ կը շարունակէ պայքարիլ տիտղոսներու համար:

 

 

Leave a Comment