2026-ի Մոնտիալ. Հերի Քէյն Փրկեց Անգլիան. Պելճիքայի «Ռեմոնթատա»-ն

Երեք խումբեր եւս միացան Մոնտիալի 1/16-րդ հանգրուանին, ուր Քոնկօ երկար ժամանակ Անգլիոյ դէմ 1-0 արդիւնքով տիրապետելէ ետք չկրցաւ կասեցնել Հերի Քէյնը, որ զոյգ կոլերով Անգլիոյ տոմսը ապահովեց դէպի Գ. հանգրուան:

Պայերն Միւնիխի յառաջապահ Քէյն իր այս տուպլէով գերազանցեց ֆութպոլի պատմական «թագաւոր» Փելէի Մոնտիալի կոլերու ցուցանիշը` հասնելով 13-րդ կոլին: Փելէ 12 կոլ նշանակած էր Մոնտիալներու ընթացքին, մինչ ֆրանսացի Ժիւսթ Ֆոնթեն 13 կոլ նշանակած էր 1958-ի Մոնտիալին, որ մինչեւ օրս առաւելագոյն կոլերու ցուցանիշն է 1 Մոնտիալի գծով:

Ուրեմն Քէյն հասաւ 13-րդ կոլին եւ կազմը եւս զինք կը հասցնէ Կերտ Միւլերի 14 կոլերու ցուցանիշին:

Հիւրընկալ երկիր Միացեալ Նահանգներ 2-0 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը տարին Պոսնիոյ դէմ, հակառակ անոր որ մրցումին վերջին 30 վայրկեանները 10 մարզիկներով խաղցան, երբ առաջին կոլը նշանակող Ֆոլարին Պալոկունը կարմիր քարտ ստացաւ:

Պոսնիա տիրապետեց 10 մարզիկներու դէմ, բայց Միացեալ Նահանգներ իրենք կոլ մը եւս աւելցուցին շնորհիւ Մալիք Թիլմանի 82-րդ վայրկեանին` հասնելով Գ. հանգրուան:

Միացեալ Նահանգներու մրցակիցը պիտի ըլլայ Պելճիքա, որ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սենեկալը:

Սենեկալ ինք էր աւելի վտանգաւոր ու լաւ պատրաստուած խումբը եւ 2-0 արդիւնքով յառաջացած էր, բայց մրցումի վերջին 4 վայրկեաններուն յաղթանակը յանձնեցին Պելճիքային:

Լուքաքու նշանակեց կոլ մը Մէօնիէի փոխանցումէն ետք եւ 89-րդ վայրկեանին Եուրի Թիլըման նշանակեց երկարաձգում պարտադրող կոլը:

Երկարաձգումին ընթացքին Սենեկալ համեմատաբար լաւ էր, բայց չկրցաւ կոլի առիթներ ստեղծել, մինչ Պելճիքա 121-րդ վայրկեանին փենալթի մը շահեցաւ իրաւարարին դատողութենէն, որ շատ մը մասնագէտներու կողմէ կասկածելի էր: Կարեւորը այն է, որ Պելճիքայի համար «Ռեմոնթատա»-ն յաջողեցաւ եւ Թիլըման նշանակեց վիճելի փենալթին:

Այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-ին Զուիցերիա պիտի մրցի Ալճերիոյ դէմ, երեկոյեան ժամը 21:00-ին Աւստրալիա պիտի մրցի Եգիպտոսի դէմ, գիշերուան ժամը 1:00-ին Արժանթին Քափէ Վերտէի դէմ, իսկ վաղը առաւօտեան ժամերուն Քոլոմպիա պիտի մրցի Կանայի դէմ (4:30-ին):

Leave a Comment