«Էն. Պի. Էյ.» Լենըրտ Միացաւ Ռեփթըրզին

Քուայ Լենըրտ պիտի վերադառնայ Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որուն հետ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան դարձած էր 2018-2019 եղանակին` ընտրուելով լաւագոյն մարզիկը («Էմ. Վի. Փի.»):

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ համաձայնեցաւ փոխանցել Լենըրտը` Թորոնթոյին` ստանալով Պրենտըն Ինկրամը, Կրէյտի Տիքը եւ ապագայի երկու մարզիկներ:

35 տարեկան Լենըրտ, որ 2 անգամ շահած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսը, առաջինը 2014-ին` Սան Անթոնիօ Սփըրզի հետ, կը նկատուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի վերջին տարիներու լաւագոյն մարզիկներէն թէ՛ իբրեւ պաշտպանող եւ թէ՛ իբրեւ յարձակող մարզիկ, այդ իսկ պատճառով իւրայատուկ կը նկատուի:

7 անգամ «Օլ Սթարզ» մրցումի մասնակցած Լենըրտ երկու անգամ ընտրուած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն պաշտպանողական մարզիկը:

 

 

Leave a Comment