Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մարդը՞, թէ՞ մեքենան: Այժմ այլեւս բոլոր ոլորտներուն մէջ այս հարցումը միշտ տարածուած է, եւ պատասխանները տարաբնոյթ, երբեմն նոյնիսկ շատ հակասական են: Վերջերս այս մասին կրկին խօսուեցաւ արհեստական բանականութեան արուեստի թանգարանի մը բացման առիթով:
Կը ներկայացնենք «Նիւ Եորք Փոսթ» թերթի կայքին հրապարակած յօդուածէն հատուածներ:
Ն.
Այս թուային արեւադարձային անտառին մէջ ամէն ինչ կը շարժի գլխապտոյտ արագութեամբ, եւ կեանքը կը բաբախէ ամէնուրեք` ուղղակի ձեր առջեւ, ձեր գլխուն վերեւ եւ ձեր ոտքերուն տակ:
Հսկայական 360 աստիճանի խորանարդը կը հրաւիրէ դիտողները` ընկղմելու տարաշխարհիկ բուսական եւ կենդանական աշխարհի մէջ, ապա` աւելի խորը նայիլ կենդանի բնութեան ներքին գործունէութեան, ուր ծառի աւիշը կը բաբախէ թաքնուած ալիքներու ցանցով:
Այս պատուհանազուրկ տարածքին մէջ կենսունակ, անընդհատ փոփոխուող պատկերները կը ստեղծուին աշխարհի 16 արեւադարձային անտառներէն իրական ժամանակին մէջ սփռուող 1,2 միլիառ տուեալներու կէտերու միջոցով:
Հսկայական կենդանի պատկերները կ՛ընկերանան լայնածաւալ, ընկղմող երաժշտական նոթերով եւ բազմատեսակ բոյրերով` ծաղկայինէն մինչեւ նուրբ «ելեկտրական» նոթեր:
Ահա թէ ի՛նչ կը տեսնենք Data Pavilion-ը Dataland-ի մէջ, որ կը նկատուի աշխարհի առաջին ԱԲ թանգարանը, որ 20 յունիսին իր դռները բացաւ Լոս Անճելըսի մէջ:
Բնութեան մեքենական երազներ
Թանգարանը առաջին ելոյթը կը կատարէ «Մեքենական երազներ. անձրեւային անտառ» ներկայացումով, որ շատ աւելի հեռու կ՛երթայ, քան` չոր վերլուծութիւնը: Այս անկասկած թանգարանային փորձառութիւն է, բայց` ոչ միւսներէն տարբերող:
Նկարիչներ Ռեֆիք Անաթոլի եւ Էֆսուն Էրքիլիչի կողմէ ստեղծուած այս զգայական պայթիւնը կը ներառէ իրականութիւնը խեղաթիւրող չորս պատկերասրահ եւս:
Անոնց մթնոլորտը կարելի է նկարագրել որպէս «Ալիսը հրաշքներու աշխարհ մէջ»-ը կը հանդիպի Աւաթարի կամ սարսափի նոր շարժապատկերի` Պեքրում տարբերակ:
Էրքիլիչ արցունքը աչքերուն կը դիտէ, թէ ինչպէ՛ս առաջին այցելուները կը քալեն Անաթոլի «Անվերջութեան սենեակով»:
Տարածքը միտքը կը տեղափոխէ թուային Շանկրի-Լայի խորքը` վառ ցուցադրելով բնութեան վեհաշուք գեղեցկութիւնը եւ անոր փխրունութիւնը:
Այս հեռու է անհոգի արհեստագիտութեան գրաւչութենէն: Այս մեքենական արուեստ է` սրտով. խորապէս յուզական փորձառութիւն մը, որ կը զգացուի կենդանի եւ իսկապէս բանական:
Աւելի՛ն. երբ դուք կ՛ուսումնասիրէք 2300 քառակուսի մեթր տարածք ունեցող ցուցահանդէսը (1000 քառակուսի մեթր եւս տարածքին վրայ կան սըրվըրային սենեակները եւ բարդ արհեստագիտութիւնները), «կենդանի թանգարանը» ձեզի ետեւէն կը նայի:
Մուտքին մօտ այցելուին կը տրամադրուին դաստակի վրայ կրելիք սարք մը, որ կ՛արձանագրէ անձնական մանրամասնութիւններ. մարմնի ջերմաստիճանը եւ սրտի զարկերը` յարմարեցնելով տարածքը անոնց վիճակին: Կը սփռուին անուշահոտեր:
Նկարները հսկայական պատերուն վրայ կը վերստեղծուին, կ՛արտացոլացուին հայելային յատակը եւ առաստաղը, ԱԲ-ը համակարգը անընդհատ կը մշակէ անտառներէն եկող ազդանշանները:
«-Մենք տուեալներ կը ստանանք անմիջապէս ծառերէն,- ժպտելով կը բացատրէ Անաթոլ: Մենք կ՛արձանագրենք հողի խոնաւութիւնը եւ ելեկտրամագնիսական ազդանշանները, որոնք ծառերը կ՛ուղարկեն իրարու: Այդ աներեւակայելի բարդ համակարգ է»:
Այս ապշեցուցիչ տեսարանը թոյլ կու տայ դիտողներուն` բառացի «հասկնալ ծառերը, եւ թէ` ինչպէս անոնք կը շփուին իրարու հետ», կ՛աւելցնէ Էրքիլիչ:
Ալկորիթմները` իբրեւ արուեստ. Գեղագիտական կողմը
Dataland-ը իր ներկայութիւնը ցոյց կու տայ ԱԲ բովանդակութեան` բնագիրէն մինչեւ երաժշտութիւն եւ հեղինակային իրաւունքի ու անձնական իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ համաշխարհային բանավէճի մէջ:
Ի վերջոյ, նորձեւերու վերապատրաստութեան տուեալները պէտք է տեղէ մը գան:
Ռեֆիք Անաթոլ` համաշխարհային ճանաչում ունեցող նկարիչը, որ երկար տարիներ աշխատած է տեղեկատուական արուեստի ոլորտին մէջ, լաւ կը գիտակցի այս խնդիրին:
Ան վստահ է, որ ճիշդ մօտեցում կատարելու պարագային, ալկորիթմները շատոնց պէտք է տեղ ունենան ստեղծագործական մարզին մէջ: Իր թանգարանին համար ան կ՛օգտագործէ Կուկըլի, արհեստագիտական հսկայ Նուիտիայի եւ Սմիթսոնեան հաստատութեան տրամադրած տուեալները, փոխադարձ գործընկերութեան միջոցով եւ ամբողջութեամբ գեղագիտական մօտեցումով կը գործածէ զանոնք:
«Մեր ըրածը անվճար է հանրութեան համար: Այս կը նշանակէ, որ նոյնիսկ այն հաստատութիւնները, որոնք մեզի հետ կը բաժնեն տեղեկատուութիւն, կրնան այդ գործածել իրենց սեփական նպատակներուն համար», կը բացատրէ Անաթոլ:
Մանհեթընի «Ճեն Սինկըր» պատկերասրահի հիմնադիր Ճեն Սինկըր, որ երկար ատենէ կը պաշտպանէ աւանդական նկարիչներու իրաւունքները, կը գովաբանէ Անաթոլի մօտեցումը:
«Ռեֆիքի աշխատանքին մէջ արժէքաւորն այն է, որ ան տեղեկատուութիւնը կ՛առնէ բնական աղբիւրներէն` բնութենէն: Ան շատ զգուշ է սկզբնական աղբիւրներու հետ եւ չի խախտեր ուրիշներու հեղինակային իրաւունքները»:
Յայտնի պատկերասրահի սեփականատէր Ճեֆրի Տէյչ, որ 2023 թուականին ցուցադրած է «Անաթոլի կենդանի նկարներ» նախագիծը, նոյնպէս արհեստագիտութեան մէջ ոչ մէկ սպառնալիք կը տեսնէ:
«ԱԲ-ն պարզապէս գործիք է: Տեսած եմ ԱԲ-ով ստեղծուած շատ սարսափելի աշխատանքներ», կ՛ըսէ ան:
Երբ կը հարցնեն, թէ արդեօք աշխարհը կը խեղդուի՞ անճաշակ թուային «աղբի» ալիքի մեջ, Սինկեր տխուր կը պատասխանէ. «ԱԲ-ով շատ աղբ կը յառաջանայ` աղբի լեռներ»:
Բայց արդեօք այս իսկապէս արուե՞ստ է:
Ո՞վ է հեղինակը:
Գլխաւոր հարցումը կը մնայ անփոփոխ. կրնա՞ն այս ալկորիթմները համարուիլ արուեստ:
Պատասխանը, ինչպէս միշտ, կախուած է դիտողէն. չէ՞ որ բոլորը չէ, որ կ՛արձագանգեն Մոնա Լիզային:
Մա՞րդը, թէ՞ մեքենան
Սակայն կը յառաջանայ այլ տրամաբանական հարցում մը. ո՞վ է այստեղ իրական ստեղծողը` մա՞րդը, թէ՞ մեքենան:
«Ռեֆիքը ստեղծած է ինքը` հայեցակարգը: Ան նկարիչն է», կտրականապէս կը պնդէ Ճեֆրի Տէյչ:
Անշուշտ Անաթոլի գործերը հզօր են անով, որ մարդիկը կը կապէ բնութեան հետ:
Անոնք աւելին են, քան` պարզապէս գոյներով հագեցած պատկերներու գեղադիտակ (kaleidoscope). ցուցահանդէսը փոխաբերաբար կը պատկերէ ամէն տարի հարիւրաւոր բուսական եւ կենդանական տեսակներու անհետացումը:
«Ես կը գնահատեմ: Անոր աշխատանքները կ՛անդրադառնան բնութեան եւ ընկերային խնդիրներու: Այդ իրենց խորութիւն կը հաղորդէ: Երբ մենք ցուցադրեցինք անոր նախագիծը անհետացող խութերու մասին, այդ իսկապէս հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց աղէտին վրայ», կ՛աւելցնէ Տէյչ:
Էֆսուն Էրքիլիչ կը ներկայացնէ երազ մը. ան կ՛երազէ յայտնի բնագէտ 100-ամեայ Տէյվիտ Աթենպորոյի այցելութեան մասին` իրենց պատկերասրահ, մեքենայի արձագանգի մասին անոր ներկայութեան:
«Այդ հրաշալի կ՛ըլլար», կը ժպտի ան:
Դրամի դասական արժէքի սահմանում եւ պատուէրով ապրանքներ
Բայց եւ այնպէս, «տուեալներու նկարչութիւնը» կը մնայ վիճայարոյց բնաբան պահպանողական արուեստի համայնքի մէջ:
Յատկանշական է, որ այնպիսի հաստատութիւններ, ինչպէս են Լոս Անճելեսի Hammer Youth Museum-ը, Լոնտոնի Serpentine Gallery-ն, LACMA-ն եւ The Broad-ը, կա՛մ հրաժարած են մեկնաբանութիւն տալէ, կա՛մ անտեսած են մամուլի հարցումները այս բացումին վերաբերեալ:
Այս կ՛արտացոլացնէ 2020-ականներու սկզբին NFT արուեստի միտումին արագ աճը եւ նոյնքան ապշեցուցիչ փլուզումը, որ հարցեր յառաջացուց աշխուժ թուային արուեստի վաճառքի վերաբերեալ:
Այսպիսով, ինչպէ՞ս այս թանգարանը, որ լեցուն է գերթանկարժէք համակարգերով եւ պաստառներով, կը ծրագրէ հասնիլ ծախսերու հաւասարեցման:
Նախ` տոմսերով:
Dataland-ը բաց է երեքշաբթիէն կիրակի: Մուտքի վճարումը 49-79 տոլար է, առաջնահերթ մուտքի վճարումը` 89-129 տոլար, իսկ տարեկան անդամավճարը` 350-էն մինչեւ 1500 տոլար:
«Մենք նաեւ նուէրներու խանութ ունինք»,խորամանկ ժպիտով կ՛աւելցնէ Անաթոլ:
Ասիկա շատ հեռու է սովորական բացիկներու խանութէն:
Այո՛, անոնք կը վաճառեն մարզական տարազներ, շապիկներ, բայց անոնց վրայ տպագրութիւնը կը ստեղծուի անհատապէս` հիմնուելով խանութին մէջ ձեր դաստակին տեղադրուած սարքի հաւաքած կենսաչափական տուեալներու վրայ:
Այս նոյն տուեալները գործածելով` օծանելիքի համակարգը տեղւոյն վրայ կրնայ ստեղծել եւ շլացել ձեր անհատականացուած օծանելիքը:
Տեղադրուած է նաեւ Qualia մարդամեքենայի ձեռք, որ ձեր չափանիշները կը վերածէ ֆիզիքական առարկայի մը, կ՛առնէ վրձինը եւ կը նկարէ ձեր դիմանկարը:
Աւելի ճիշդ` ձեր սրտի բաբախումի իւրայատուկ վերացական դիմանկարը: