Հրանդ-Լէոն Ռանոսի Վիճակը Մէկ Ամիսէն Կը Վճռուի

Հայաստանի հաւաքականի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս շատ հաւանական է, որ այս ամրան փոխ չտրուի այլ ակումբի:

22 տարեկան ֆութպոլիստի պայմանագրութիւնը Գերմանիոյ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի հետ կ՛երկարի մինչեւ 2027-ի ամառ: Այդ պատճառով գերմանական ակումբը կը փորձէ դիտարկել անոր ամբողջական վաճառքի տարբերակը եւ փոխ չտալ այլ ակումբի անգամ մը եւս:

Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի տուեալներուն, Ռանոսի փոխանցման արժէքը արդէն նուազած է 600 հազար եւրոյի: Սակայն իրականութեան մէջ Մէօնշընկլատպախ պատրաստ է հայ յառաջապահը «ծախել» աւելի նուազ գումարի դիմաց:

Այժմ փոխ տալու համար Մէօնշընկլատպախ պէտք է երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը, բան մը, որուն պատրաստ չէ ակումբը: Եթէ Ռանոս չհամաձայնի որեւէ ակումբ տեղափոխուիլ, կամ որեւէ ակումբ անոր փոխանցումով չհետաքրքրուի, ան պիտի ստիպուի Մէօնշընկլատպախի երիտասարդներու խումբին հետ խաղալ, ինչպէս պատահեցաւ Սարգիս Ադամեանի հետ անցեալ տարեշրջանին:

Անցեալ տարեշրջանի դարձի մրցումներուն, Ռանոս Բ. դասակարգի Այնթրախթ Պրաունշվայկի հետ անցուցած էր: Այդ վարձակալութիւնը այդքան ալ յաջող չէր: Հայ յառաջապահը 11 մրցումներ կատարեց Պրաունշվայկի հետ, բայց որեւէ կոլ չնշանակեց կամ էսիսթ չկատարեց:

Երթին ան սկսած էր Մէօնշընկլատպախի հետ եւ կոլ մըն ալ նշանակած, բայց անոր մակարդակը հետզհետէ ետ մնացած էր` մնալով պահեստի աթոռներուն վրայ:

 

Leave a Comment