«Էն. Պի. Էյ.» Մըրենթ Միացաւ Պլէյզըրզի. Լըպրոն Ճէյմս Լքեց Լէյքըրզը

Մեմֆիս Կրիզլիզ համաձայնեցաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի հետ եւ փոխանակեց իր աստղերէն Ճա Մըրենթը` Ճերըմի Կրենթի եւ Քրիս Մարէլի փոխարէն:

26 տարեկան Մըրենթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր 7 տարեշրջաններն ալ Կրիզլիզի հետ անցուցած էր 2019-ին միանալէ ետք:

Երկու անգամ «Օլ Սթարզ» մրցումին մասնակցած Մըրենթ անցեալ տարեշրջանին միայն 20 մրցումներու մասնակցեցաւ քանի մը անգամ վիրաւորուելէ ետք: Ան միջին հաշուով 19,5 կէտ, 8,1 էսիսթ եւ 3,3 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, որ առաջին անգամ ըլլալով միջին հաշուով 20 կէտերէն նուազ կը նշանակէր:

Մըրենթ այժմ իրեն հետ պիտի ունենայ Տեմիըն Լիլըրտը` Փորթլենտի մէջ, ուր Պլէյզըրզ Արեւմտեան շրջանի 7-րդ լաւագոյն խումբն էր:

Վերջին 3 տարեշրջաններուն Մըրենթ 79 մրցում կատարած էր ընդամէնը: 2023-2024 տարեշրջանին ան 25 մրցումով կախակայուած էր` քանի մը անգամ ատրճանակով նկարներ տեղադրելէ ետք ընկերային ցանցերու վրայ: Այդ եղանակի դեկտեմբերին յաջողութեամբ վերադառնալէ ետք, փայլուն ելոյթներ ունեցաւ, բայց ուսի մէկ մկանը պատռելով միայն 9 մրցումներով աւարտած էր այդ եղանակը:

Միւս կողմէ, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն փայլուն աստղերէն Լըպրոն Ճէյմս որոշեց լքել Լոս Անճելըս Լէյքըրզը 8 եղանակներէ ետք, ուր 2020-ին ան ախոյեան դարձած էր:

24-րդ տարեշրջանի նախօրեակին նիւթեր շրջան կ՛ընեն, թէ Լըպրոն պիտի միանայ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին, որ կը փորձէ Լըպրոնի նախկին խմբակից Անթոնի Տէյվիսն ալ ձեռք ձգել` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն:

 

 

Leave a Comment