Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Բենուր Փաշայեանի անուան միջազգային մրցաշարքի 97 քկ կշիռի 1/8-րդ հանգրուանի մրցումին, Հայկ Խլոյեան տպաւորիչ յաղթանակ մը տարաւ Ողիմպիականի եւ երկու անգամ աշխարհի ախոյեան Մուսա Եւլոյեւի դէմ: Ասիկա երկու ըմբիշներուն համար առաջին գօտեմարտն էր այս մրցաշարքին, ուր հայ ըմբիշը 3-2 արդիւնքով յաղթեց:
Վճռորոշ պահը եղաւ մենամարտի վերջին 18 երկվայրկեաններուն, երբ Ելոյեւ սխալ մը գործեց, եւ իրաւարարը 2 կէտ շնորհեց Խլոյեանին: