Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ չի նախատեսեր 2028 թուականի նախագահական ընտրութեան մէջ Հանրապետական կուսակցութենէն առաջադրել իր թեկնածութիւնը երկրի նախագահի պաշտօնին, եթէ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսը իր թեկնածութիւնը առաջադրելու իր մտադրութիւնը յայտնէ: Այս մասին հաղորդեց «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուպիոյի շրջապատի աղբիւրները:
Ըստ լրատու գործակալութեան տուեալներուն, Ռուպիօ խորհրդականներու եւ օգնականներու հետ զրոյցներու ընթացքին բազմիցս յայտարարած է Վանսին տեղի տալու իր մտադրութեան մասին: Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս «Էսոշիէյթըտ Փրես» կը նշէ, Ռուպիօ, համատեղելով արտաքին գործոց նախարարի եւ նախագահի` ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնականի պաշտօնները, վերջին ամիսներուն զգալիօրէն ամրապնդած է իր վարչական դիրքերը` իր համախոհները նշանակելով Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի առանցքային պաշտօններու վրայ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս «Ֆորչուն» ամսագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին չէ պատասխանած այն հարցումին, որ կը վերաբերի իր հաւանական իրաւայաջորդին, որ 2028 թուականի ընտրութեան մէջ յաղթելու պարագային պէտք է շարունակէ «Ամերիկան առաջին հերթին» քաղաքականութիւնը:
Ամերիկեան լրատուամիջոցները բազմիցս անդրադարձած են Ռուսիոյ եւ Վանսի` իբրեւ հանրապետական հիմնական թեկնածուներ, որոնք երկու տարի ետք պիտի կարենան յաւակնիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին: