Ընդունելով Զօր. Հայքալը` «Բանակին Հասցէին Հնչող Զրպարտութիւններն Ու Կասկածները Պիտի Չազդեն Անոր Գործունէութեան Վրայ, Որ Իշխանութեան Որոշումներուն Ենթակայ Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը, որ նախագահին ներկայացուց զինուորական գործակցութեան ծիրին մէջ Թուրքիա եւ Բրիտանիա իր այցելութիւններուն ընթացքին կատարած բանակցութիւններուն արդիւնքները:

Նախագահ Աուն զօր. Հայքալի հետ անդրադարձաւ երկրի ապահովական կացութեան եւ այն առաքելութեան, որ բանակը յառաջիկայ փուլին պիտի կատարէ Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ բանակցութիւններու արդիւնքին եւ անկէ բխած Լիբանանի վրայ պատերազմին վերջ տալու շրջագծային համաձայնութեան լոյսին տակ:

Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատեց բանակի դերակատարութիւնը` երկրին մէջ պետութեան իշխանութիւնը տարածելու, ապահովութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու, սահմանները վերահսկողութեան տակ պահելու եւ քաղաքացիական խաղաղութիւնը պաշտպանելու համար:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ բանակին ու անոր ղեկավարութեան նկատմամբ մերթ ընդ մերթ կատարուող զրպարտութիւններու եւ կասկածանքի արշաւները պիտի չազդեն քաղաքական իշխանութեան որոշումներուն ենթակայ անոր ազգային գործունէութեան կամ պատասխանատուներու եւ լիբանանցիներուն անոր նկատմամբ վստահութեան վրայ:

Leave a Comment