Յաջորդ շաբաթ Անգարայի մէջ սկսող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընդառաջ Թուրքիան կրնայ ռուսական «Էս-400» օդային պաշտպանութեան հակամարգերը որեւէ երրորդ երկրի վաճառելու որոշում տալ: Այս մասին կը հաղորդէ Պրիւքսելի մէջ գործող «Եուրաքթիւ» կայքը` նշելով, որ այդ քայլին դիմաց «Թուրքիան կ՛ակնկալէ, որ իրեն պիտի արտօնեն կրկին մաս կազմել ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու արտադրութեան ծրագիրին»:
Անգարան այդ ծրագիրէն հեռացուած էր 2019 թուականին` ռուսական համակարգերը գնելէն ետք: Ուաշինկթըն մտավախութիւն յայտնած էր, որ «Էս-400»-ներու շահագործման ընթացքին ռուսական կողմին համար կրնան հասանելի դառնալ ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու արտադրութեան ընթացքին օգտագործուող գաղտնի ճարտարագիտութիւնները:
«Եորաքթիւ»-ի տեղեկութիւններով` Թուրքիոյ մէջ կը քննարկուի «Էս-400»-ները Հարաւային Քորէային վաճառելու տարբերակը: