Պաղայի. «Լիբանանի Վերաբերեալ Մեր Դիրքորոշումը Յստակ Է, Եւ Ամերիկան Յստակ Խոստում Տուած Է Բոլոր Ճակատներուն Վրայ Պատերազմը Դադրեցնելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցին մէջ արտաքին միջամտութեան կարիք չկայ, որովհետեւ ատիկա միայն հարցերը պիտի բարդացնէ»:

«Փոխըմբռնման յուշագիրի Հորմուզի նեղուցի վերաբերեալ կէտերուն նկատմամբ մեր պատասխանատուութիւնները յստակ են եւ զանոնք որեւէ այլ կողմէ լաւ գիտենք», ըսաւ ան:

«Յառաջիկայ օրերուն ընթացքին ամերիկացիներուն հետ որեւէ մակարդակի վրայ հանդիպում ունենալու ծրագիրներ չկան», նշեց Պաղայի` աւելցնելով. «Վաղը Տոհայի մէջ քաթարեան կողմին հետ պիտի քննարկենք սառեցուած գումարներու հարցը»:

«Լիբանանի վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը յստակ է, եւ Միացեալ Նահանգները յստակ խոստում տուած են բոլոր ճակատներուն վրայ պատերազմը դադրեցնելու», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

«Միացեալ Նահանգներուն փոխըմբռնման յուշագիրի յօդուածները չյարգելը անկասկածօրէն ժխտական կերպով պիտի ազդէ ներկայ հոլովոյթին վրայ», շեշտեց Պաղայի:

«Ամերիկեան որեւէ քայլ առանց հակադարձութեան պիտի չմնայ, եւ մեր ուժերը ապացուցեցին, որ խիստ եւ անմիջական կերպով պիտի հակադարձեն որեւէ յարձակումի», նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Leave a Comment