Կիւլեր. «Ուաշինկթըն ՕԹԱՆ-ը Լքելու Մտադրութիւն Չունի»

«Միացեալ Նահանգներ ՕԹԱՆ-ը լքելու մտադրութիւն չունին», «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր:

«Միացեալ Նահանգները, սակայն, կ՛ուզեն, որ իրենց եւրոպացի դաշնակիցներն ու Քանատան աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնեն Եւրոպայի անվտանգութեան համար: Անգարան եւս պէտք է ներգրաւուած ըլլայ պաշտպանական այդ ծրագիրներուն եւ նախագիծերուն մէջ», լրատու գործակալութեան նշած է ան:

Կիւլերի համաձայն, այն կացութիւնը, որուն մէջ այժմ դաշինքը կը գտնուի Անգարայի մէջ ոչ թէ իբրեւ ճգնաժամ կը դիտարկեն, այլ` «անվտանգային փոխուող միջավայրին յարմարելու գործընթաց»:

 

Leave a Comment