Ռուսիան եւ Ազրպէյճանը լուծած են ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութեան` ԱԶԱԼ-ի ճամբորդատար օդանաւի 25 դեկտեմբեր 2024-ի արկածի հետեւանքներուն առնչուած բոլոր հարցերը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք փոխհատուցման հարցը ամբողջովին լուծուա՞ծ է:
«Մենք լուծած ենք ազրպէյճանական օդանաւի արկածի հետեւանքներուն կապուած բոլոր հարցերը: Սակայն այս հարցերը, ինչպէս կը հասկնաք, կը վերաբերին որոշակի անձերու, որոնք ծանր ողբերգութիւն ապրած են, որոնք անդառնալի կորուստ կրած են: Հետեւաբար, անկեղծօրէն, ես չէի ուզեր այստեղ մանրամասնել», ըսած է Կալուզին:
Յիշեցնենք, որ Պաքուէն Կրոզնի մեկնող ազրպէյճանական ճամբորդատար օդանաւը 25 դեկտեմբեր 2024-ին արկածի ենթարկուած էր Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մօտ: 38 անձեր մահացած էին եւ 29 ուրիշներ վերապրած: