Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ռուսական բանակը Ուքրանիոյ Տոնեցք գաւառին մէջ Մալինովքա եւ Զապորոժիէի գաւառին մէջ Ռիվնի եւ Լիսնոյ գիւղերը առած է իր վերահսկողութեան տակ:
«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշած է, որ ռուսական «Արեւելք» խումբի ուժերը շարունակած են իր յառաջխաղացքը եւ Նիեփրոփեթրովսք գաւառին մէջ հարուածած ուքրանական բանակի զինուորներն ու սպառազինութիւնը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ ռուսական ուժերը նշեալ շրջաններուն մէջ յաջողած են ծանր հարուած հասցնել ուքրանական զինեալ ուժերուն` սպաննելով շուրջ 445 զինուորներ եւ ոչնչացնելով մարտական մեքենաներ ու շարք մը դաշտային հրետանիներ: