Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆն ու ամերիկացի պատուիրակ Ճարետ Քուշները Տոհա կը գտնուին, սակայն «իրանցի պաշտօնատարներուն հետ ուղղակի հանդիպում պիտի չունենան»:
«Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ բարձր մակարդակի որոշուած ժողով չկայ», նշեց Անսարի:
Ան ըսաւ, թէ մինչեւ հիմա Իրանի 6 միլիառ տոլարի հասնող սառեցուած գումարներու փոխանցում տեղի չէ ունեցած` նշելով, որ իրանեան սառեցուած գումարներու փոխանցման շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ երկու կողմերուն հետ` աւելցնելով. «Սառեցուած գումարներու հարցը կապուած է Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցութիւններու զարգացման»:
«Հորմուզի նեղուցը, զայն բանալը եւ այնտեղ նաւարկումի վերականգնումը չափազանց կարեւոր թղթածրարներ են», ըսաւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` նշելով. «Օմանի հետ Հորմուզի նեղուցի եւ նաւերու անվտանգ անցքի շուրջ համակարգում կը կատարենք»:
«Քաթարի համար առաջնահերթութիւնը Հորմուզի նեղուցին ճամբով անցքի անվտանգութիւնն ու անոր ականազերծումն է», յայտարարեց Անսարի:
«Նաւարկման ազատութիւնը ծոցի բոլոր երկիրներուն համար երաշխաւորուած է, եւ կարելի չէ անոր փակումը կամ անվտանգութեան սպառնալը ընդունիլ», շեշտեց ան` նշելով. «Ներկայիս շեշտը կը դրուի շրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան վիճակը նախապատերազմեան վիճակին վերադարձնելուն վրայ»:
«Վերջին բախումը վերահսկողութեան տակ առնելու համար Հորմուզի նեղուցին մէջ մագլցումը թուլացնելու յատուկ ուղղակի հաղորդակցութեան գիծը օգտագործուեցաւ», յայտնեց Անսարի: