Պաքուի Մէջ Սկսած Է «Թրքական Աշխարհի Շաբաթ»-ը

Պաքուի մէջ սկսած է «Թրքական աշխարհի շաբաթ»-ը, նուիրուած` «Առաջին թրքագիտական համագումարի 100-ամեակին»:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ ազրպէյճանական «Ռիփորթ»-ը կը հաղորդէ, որ մինչեւ 3 յուլիս շարունակուող ձեռնարկներու ծիրին մէջ նախատեսուած են միջազգային գիտական եւ մշակութային ձեռնարկներ:

Ձեռնարկներուն կը մասնակցին 20 երկիրներէ 215 ներկայացուցիչներ:

Կը նշուի, որ «Թրքական աշխարհի շաբաթ»-ը կը կազմակերպուի Ազրպէյճանի նախագահի` 22 հոկտեմբեր 2025 թուականի «Առաջին թրքագիտական համագումարի 100-ամեակի կատարման մասին» հրամանագիրին համաձայն:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մասնակիցներուն յղած է ուղերձ մը, զոր ներկայացուցած է երկրի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարի տեղակալը:

«Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ծիրին մէջ, որ մեր հաստատութենական համագործակցութեան հիմնական յենասիւներէն է, մենք օրէ օր կը խորացնենք եւ կ՛ընդլայնենք համագործակցութիւնը», նշուած է Էրտողանի ուղերձին մէջ:

Ըստ Թուրքիոյ նախագահին, «երկրի կարեւորագոյն նպատակներէն մէկը այն է, որ թրքական աշխարհը պահպանէ հասարակաց պատմութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը», ինչպէս նաեւ` «անցեալին վրայ յենելով կառուցէ «Թրքական դար»-ի տեսլականը»:

Leave a Comment