Միացեալ Նահանգներ Իրանի վրայ նոր օդային յարձակումներ գործեցին` յայտնելով, որ անոնք հակադարձութիւն են շաբաթ օր Հորմուզի նեղուցին մէջ Փանամայի դրօշը բարձրացուցած նաւու մը վրայ անօդաչու թռչող սարքի մը յարձակումին:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հակադարձելով յայտարարեց, թէ հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է Քուէյթի ու Պահրէյնի մէջ գտնուող ամերիկեան ենթակառոյցներու վրայ:
Երկու երկիրները զիրար ամբաստանեցին զինադադարի համաձայնութիւնը խախտելու յանցանքով: