Վատառողջ է վիճակը, երբ համազգային համարում վայելող որեւէ վերաքննիչ համակարգ բացակայ է
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի համապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան Յունիսի 7-ին աննախընթաց ձգտուած մթնոլորտի մը մէջ:
Նախընտրական մեր արտայայտութեանց կեդրոնական խորհուրդը կը կայանար ընտրող հասարակութեան մէջ արթուն պահել այն գիտակցութիւնը թէ յատուկ, այս ընթացիկ ընտրութեանց պարագային, պարզապէս մէկ կամ միւս քաղաքական հակումը ունեցող իշխանութիւն մը չէ որ պիտի ընտրուէր, այլ անկիւնադարձի մը վրայ կանգնած Հայ ժողովուրդին համար, ընտրութիւններուն արդիւնքը պիտի որոշէր մեր հայրենիքի ՝ նախ անմիջական ապագային, եւ յետոյ նաեւ երկար շրջանի մը համար, ազգային նկարագրին որդեգրելիք հիմնական փոփոխութիւնները:
Խտացնելով անթիւ եւ անհամար բոլոր պատճառաբանութիւնները, այդ բոլորին կիզակէտը որոշ էր: Մէկ կողմը, գլխաւորութեամբ Քաղաքացիական Պայմանագրին, ընտրողը համոզելու որպէս գլխաւոր խոստում կը գործածէր, ի գին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին ամէն զիջողութիւն կատարելու, Հայաստանի մէջ խաղաղութիւն ապահովելը իբրեւ իր գլխաւոր քաղաքականութիւնը: Մինչ միւս կողմը, ազգային աւանդական մեր արժէքներուն ու սրբութեանց, եւ պետութեան պաշտպանութիւնը առաջնահերթութեանց շարքին պահելով է որ, նոյնպէս կը խոստանար խաղաղութիւն, որ սակայն նոյն ժամանակ պիտի պահպանէր հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը:
Ահա այս պայմաններուն տակ է որ տեղի ունեցան ընտրութիւնները:
Մինչ ամէն տեղ եւ ամէն երկրի մէջ ընտրութիւններու առիթով, անխուսափելիօրէն կը պատահին որոշ փոքր թիւով ընտրախախտումներ, այս հանգրուանին սակայն, Հայաստանի մէջ պատահեցաւ ամէնա անընդունելին:
Տեղը չէ այս անգամ, եւ կարելի ալ չէ այս յօդուածին սահմաններուն մէջ, թուել եւ ներկայացնել անբնականօրէն երկար եւ մանրամասն ամբողջական ցանկը այս ընտրութեանց կայացման ամբողջ ընթացքին կատարուած՝ նախընտրական, ուղղակի ընթացքին, եւ յետընտրական, միջազգայնօրէն ընդունուած ընտրական չափանիշներու խախտումներուն տուեալները: Փաստ է սակայն, եւ կրնանք առանց չափազանցած ըլլալու հաստատել թէ, ընտրութեանց վաղորդայնին, թէ շրջանաւարտ իշխանութիւնը որ այսօր կը ներկայանայ որպէս քուէներու առաւելութիւնը ապահոված կողմ, եւ թէ ալ ընդդիմադիր կողմերու հաւաքականութիւնը, զիրար կ՛ամբաստանեն, մէկը միւսին որակելով ընտրական ամենածայրայեղ եւ համատարած խախտումներ կատարած կողմ…:
Պարզապէս հայ ժողովուրդին համար անընդունելի է այս ծայրայեղ իրավիճակը, նկատի ունենալով մանաւանդ, ինչպէս ստորագծեցինք, այս անգամուան ընտրութիւններու ճակատագրական բնոյթը: Ուրեմն առաջին հերթին բացառելով որեւէ կողմնակցական դիրքորոշում,ստիպուած ենք եզրականացնել թէ անվաւեր են այս ընտրութիւնները: Սակայն նաեւ, պէտք է ապահով գիտնալ թէ երբ, եւ եթէ երբեք, բացայայտնուին իրականութիւնները, մենք եւ ամբողջ հայ ժողովուրդը պատրաստ ենք մեղաւոր կողմը արժանացնելու մեր անվարան նզովքին:
Թանկագին հայրենակիցներ, ինչպէս ըսինք, մեր ապրած երկրագունդին վրայ բնակող քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ, բնականաբար ընթացիկ մշտական երեւոյթ է ընտրութիւններու կայացումը, նոյնպէս ալ անխուսափելի երեւոյթ է, որ մինչ այդ ընտրութեանց առիթով տուեալ սովորական անվիճելի պարագայ է, որ բծախնդրօրէն գործադրուին բոլոր կողմերէն հակակշռուած հակազեղծարարական ընտրական կարգ ու սարքի միջոցառումները, ամենայնդէպս այդ բոլորով հանդերձ, միշտ ալ տեղի կունենան, սահմանափակ թիւով խախտումներ: Այս վերջինները սակայն անմիջապէս կ՛ենթարկուին, շատ քիչ բացառութեամբ, բոլորին կողմէ ընդունուած քաղաքականօրէն անվիճելի, հաւասարակշռուած մարմիններու վերաքննութեանց, եւ ի վերջոյ, կը յայտարարուին անվիճելի եւ վերջնական արդիւնքները:
Ահա թէ ինչու ընդվզեցուցիչ եւ դատապարտելի է այն ամօթալի պարագան որ մեր այսօրուայ Հայաստան աշխարհին մէջ հակառակ կատարուած ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան մեծ խոստումներուն, ակնյայտօրէն բացակայ են , քաղաքակիրթ երկրի մը վայել եւ ակնկալուած, վերոյիշեալ քաղաքականօրէն հաւասարակշռուած եւ բոլորին կողմէ անվիճելիօրէն ընդունուած եւ յարգուած մարմինները:
Այո այս պարագան, բացայայտ եւ անընդունելի մեծ ամօթ մըն է Հայաստանին համար:
Արդարեւ այսօրուան Հայաստանին մէջ, այլեւս բոլորին յայտնի է թէ ենթադրաբար «անկողմնակալ» նկատուելիք եւ «պատկառելի» այն երկու մարմինները՝ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը, եւ անկէ վեր՝ Սահմանադրական Դատարանը, երկուքն ալ թէեւ ձեւականօրէն անկախ, սակայն անոնք գործնականօրէն եւ բացայայտօրէն ենթակայ են վարչապետ Փաշինեանի եւ Քաղաքացիական Պայմանագրին :
Իբրեւ անխուսափելի հետեւանք, Յունիսի 7-էն շաբաթներ ետք այսօր, Հայաստանի ընդհանուրը հասարակութեան համար, այսօրուան տուեալներով, ընտրութեանց բոլոր արդիւնքները մէկ կամ միւս պատճառաւ կը նկատուին վիճելի :
Ամենայն դէպս մեր այս ներկայացման մէջ կարենալ քանի մը քայլ առաջ երթալու համար, պիտի այսօր կեդրոնանանք մէկ յստակ պարագայի մը վրայ միայն, որպէս կամայականութեան առարկայական ցայտուն օրինակ: Արդարեւ, ներկայ անհանգիստ ընդհանուր վիճակին մէջ, ուր տակաւին թիւերու մասին համարեա չկայ ոչ մէկ իսկական վերջնական համաձայնութիւն, գուցէ այս շփոթին մէջ կարելի ըլլայ վերջնականին ամենամօտը նկատել, առաւելագոյն քուէներ ստացող կողմերուն միջեւ, չափով մը, սկզբնաւորութեան ընդունուած մանդատներու հետեւեալ պատկերը: Բացի մէկ մեծ առարկութենէն… Քաղաքացիական Պայմանագիրը, ՔՊ, ստացած 61 մանդատներ, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը 29 մանդատներ , «Հայաստան Դաշինքը» 12 , եւ ներկայիս անմիջական գլխաւոր վէճին առարկան հանդիսացող՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» Կուսակցութիւնը ԲՀԿ, 5 մանդատներ: Սակայն ահա յանկարծ, Կեդրոնական Ընտրողական Յանձնաժողովը, իբրեւ թէ հազարաւոր ձայներ ստացած ԲՀԿի ձայներուն մէջ «յայտնաբերած» է թէ կը պակսին քանի մը տասնեակ ձայներ, եւ ԲՀԿ Կուսակցութեան այդ քանի մը տասնեակ ձայները չեղարկելով, «համաձայն ընտրական օրէնքին» այժմ ան որոշած է ամբողջովին չեղարկել ԲՀԿ-ի 5 մանդատները եւ նաեւ , այս վերջիններէն 4-ը փոխանցել ՔՊ-ին…
Կեդրոնական Ընտրողական Յանձնաժողովին՝ Հայաստանի ներկայի սահմանադրական դարձդարձիկ օրէնքներուն այս առաւել եւս անպարկեշտ գործադրութիւնը, Ճակատագրական հետեւանք ունի, որովհետեւ կազմուելիք նոր կառավարութիւնը որ ամենայն դէպս ընդհանրապէս ստացած չէ Սահմանադրական բացարձակ մեծամասնութիւն, անարդարօրէն տիրանալով ԲՀԿ-ին այս մանդատներուն, պիտի ըստ երեւոյթի ունենայ Սահմանադրական որոշ իրաւասութիւններ, կարեւոր դիրքերու վրայ՝ յատկապէս արդարադատութեան եւ պաշտպանութեան մարզերուն մէջ նշանակելու համար, ուղղակի իրեն ենթակայ թեկնածուներ:
Ահա ուրեմն ինչու, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի վերոյիշեալ մանդատներուն անարդարօրէն ամբողջական չեղարկումը վէճերուն այսօրուան առաջնահերթ նիւթն է, թէեւ ինչպէս յիշեցինք, ամբողջ ընտրութիւնները անվաւեր հռչակելու շարժումը արդէն իսկ ստացած է մեծ տարողութիւն:
Հետեւաբար այսօր ակնյայտօրէն խիստ անհանգիստ է քաղաքական մթնոլորտը Հայաստանի մէջ:
Եզրականացնելով ընտրութիւններու արդիւնքներուն քննարկման մեր այս հակիրճ մէկ ակնարկը, ցաւով կը նշենք թէ 35 տարիներու անկախութեան աննախընթաց շրջան մը բոլորելէն ետք, տակաւին, Հայաստանի մէջ այսօր տիրող քաղաքական վարչամեքենան ակնյայտօրէն փրիմիթիւ եւ անընդունելի վիճակի մէջ է:
Աշխարհատարած Հայ սփիւռքը ինքնին իր կարգին, իր անզօր դիրքով, անցկութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ ամէն օր նոր ձեւ ստացող քաղաքական պայթուցիկ զարգացումներուն:
Ակնյայտօրէն Հայաստան տակաւին չէ ըմբռնած իսկական ժողովրդավարութեան իմաստը: Այս վերջինը լոկ բառ մըն է որ կը գործածուի իշխանութեանց կողմէ շահելու համար համակրանք ներքին թէ արտաքին շրջանակներուն մէջ: Սակայն իրականութիւնը տարբեր է եւ զայն կարելի չէ ծածկել երկար ժամանակ:
Հայ ժողովուրդին համար այսօրուան կարեւորագոյն հարցն է թէ, անթիւ եւ անհամար այսքան ընտրախախտումներու պատճառաւ եթէ Յունիսի 7-ի ընտրութիւնները, չեն կարողացած երկրին ներքին քաղաքական մթնոլորտը դէպի շինիչ հանդարտութիւն առաջնորդել, ուրիշ ի՞նչ միջոց կայ, որպէսզի գոնէ չափով մը, ի վերջոյ յոյս ներշնչուի, եւ գոնէ քանի մը քայլ առնուի, մօտենալու համար մեր ազգին համար այնքան անհրաժեշտ այդ նպատակակէտին…:
Թէեւ շատ դժուար , սակայն որպէս գուցէ մատչելի մէկ կարելիութիւն, եւ գիտակցաբար բարեմիտ լաւատեսութեամբ, կ՛առաջարկենք որ որքան շուտ այնքան լաւ, որպէս մեր պատմութեան մէջ համազգային համագործակցութեան առաջին եւ մեծ մէկ քայլ մը , հաշուելով բոլորին իտէալական անկեղծ պատրաստակամութեան վրայ, նախաձեռնուի, «Յունիսի 7-ի ընտրութեանց գնահատման Արտակարգ եւ Անկախ Յանձնաժողով»ի մը կազմութեանը, մասնակցութեամբ յատկապէս Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ ընդհանուրին վստահութիւնը վայելող ձեռնհաս շրջանակներու եւ անհատներու: Այս յանձնաժողովին խիստ դժուար մանդատը պարտի ըլլալ առարկայական քննութիւնը կատարել Յունիսի 7-ի ընտրութեանց բոլոր տուեալներուն եւ խախտումներուն, եւ որոշել անոնց սրբագրութեան տարազները: Այս բոլորին անկարելիութեան պարագային, միջազգային յաջողած օրինակներու հետեւողականութեամբ բանաձեւել ընտրութեան կանոններու՝ բոլորին ընդունելի, , հիմնական վերաձեւաւորում մը, որ Հայաստան երկիրը առաջնորդէ յառաջիկայ մէկ կամ երկու տարիներուն ընթացքին խաղաղ պայմաններու մէջ կազմակերպելու նոր եւ բոլորին ընդունելի ընտրութիւններ, եւ համապատասխան արդար եւ անվիճելի արդիւնքներ:
Խնդրենք մի աճապարէք քմծիծաղով դիմաւորելու այս առաջարկը: Գիտենք թէ այս լուծումը շատ դժուար գործադրելի է եւ նաեւ երազային պիտի նկատուի բազմաթիւ «բանիմաց» շրջանակներու եւ անհատներու կողմէ: Հետեւաբար բացասական վճիռ մը արձակելու ժամանակ կ՛ակնկալուի թէ նոյն ատեն լուծման աւելի լաւ , գործադրելի տարբերակի մը առաջարկը կատարուի, որուն պատրաստ ենք տալու մեր ամբողջական զօրավիգը:
Հիմնականը այն է թանկագին հայրենակիցներ, թէ Հայաստանի մէջ ներկայիս տիրող յետընտրական քաղաքական անքաղաքակիրթ երկրի վիճակը անընդունելի է, նուազագոյնը մեզ համար մեծ ամօթ է:Կարելի չէ թոյլ տալ, որ Հայաստան շարունակէ խարխաբիլ իր ներկայ փրիմիթիւ վարչական գործելակերպին մէջ: