Աթլեթիզմ. Երուանդ Մկրտչեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ Պալքանեան Երկիրներու Ախոյեանութեան

Պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան, հայ աթլեթ Երուանդ Մկրտչեան ոսկի մետալ շահեցաւ Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին:

3000 մեթր վազքի մրցումներուն Մկրտչեան 7 վայրկեան 52″.75 ժամանակով Հայաստանի մրցանիշ հաստատեց:

Երեք քայլ ոստումի մրցումներուն Ռազմիկ Ղազարեան արծաթ մետալ շահեցաւ 16,20 մեթր արդիւնքով:

Պալքանեան երկիրներու ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմէն նաեւ Լեւոն Աղասեան (երեք քայլ ոստում), Վահէ Արզումանեան (մէկ քայլ ոստում), Արամ Արամեան (400 մեթր վազք) եւ Էլադա Ալավերդեան (800 մեթր):

Աւելի կանուխ, Մկրտչեան Ֆրանսայի մէջ ալ 1500 մեթր վազքի ոսկի մետալ շահած էր` 3 վայրկեան  38″.99 արդիւնք արձանագրելով:

Leave a Comment