Արժանթինահայ Կակօ Անանեան 2026 Մոնտիալին Արժանթին – Աւստրիա մրցումին ներկայացաւ Արցախի դրօշով:
Արցախի Հանրապետութեան դրօշակը 22 յունիսին կը ծածանէր Տալասի մարզադաշտի թրիպիւններուն վրայ, ուր Արժանթին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Աւստրիոյ եւ ապահովեց իր տոմսը` նաք աութի առաջին հանգրուանին:
Մրցումէն ետք, Անանեան զրուցած է լրագրողներու հետ եւ բացատրած է դրօշին նշանակութիւնը: «Ա.24» կայանի եթերէն «Ակրուփասիոն Ռեփրեզենթաթիւա Տը Լոս Արմենիոս Միկրանթես էն Արմենիա»-ի (Արամա) ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ ատիկա դրօշն էր Արցախի, որ ապօրինի ձեւով բռնագրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ:
Կակօ Անանեանի համաձայն, Մոնտիալի մրցումին Արցախի դրօշի յայտնուիլը յիշեցում էր Արցախի եւ հայ ժողովուրդի ճակատագիրին մասին:
«Հայ ժողովուրդը ճիշդ պահուն պիտի վերադառնայ իր պատմական հողերը», ըսած է Անանեան:
Արժանթին – Աւստրիա հանդիպումը եղաւ Բ. փուլի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը, որուն ընթացքին Մեսսի 2 կոլ նշանակեց եւ դարձաւ Մոնտիալի պատմութեան լաւագոյն կոլ-սքորըրը 18 կոլերով: