2026-ի Մոնտիալ. Ռոնալտօ Պատմութիւն Կերտեց

Երեքշաբթի գիշեր եւ երէկ առաւօտեան ժամերուն աւարտեցան Մոնտիալի 2-րդ հանգրուանի մրցումները, ուր Փորթուգալ համոզիչ յաղթանակ տարաւ Ուզպեքիստանի դէմ` 5-0 արդիւնքով:

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պատմական մրցանիշ մը հաստատեց իր 6-րդ Մոնտիալին առնուազն կոլ մը նշանակելով, բան մը, որ որեւէ մարզիկ չէ կրցած կատարել:

Ճիշդ է, որ Փորթուգալ  լուրջ մրցակիցի մը դէմ չէր խաղար, բայց պէտք է ըսել, որ խումբը վերջապէս խումբի նման ելոյթ ունեցաւ, եւ մեծ տարբերութիւն կար Քոնկոյի դէմ եւ Ուզպեքիստանի դէմ ելոյթներուն միջեւ:

Ժոաօ Քանսելոյի փոխանցումէն ետք Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 41 տարեկանին նշանակեց առաջին կոլը 6-րդ վայրկեանին, եւ 33 վայրկեաններ ետք իր 2-րդ եւ Փորթուգալի երրորդ կոլը նշանակեց Պրունօ Ֆեռնանտեսշի փոխանցումէն ետք:

17-րդ վայրկեանին Նունօ Մենտեշ ազատ հարուածով նշանակած էր Փորթուգալի 2-րդ կոլը: Ռոնալտօ քանի մը առիթ եւս ունէր կոլ մը աւելցնելու, բայց 2 կոլերով աւարտեց մրցումը, ուր Բ. կիսախաղին Ուզպեքիստանի բերդապահ Նեմաթով իր բերդին մէջ նշանակեց (սխալմամբ), իսկ Ռաֆայէլ Լէաօ աւելցուց 5-րդ կոլը 87-րդ վայրկեանին:

Փորթուգալ վճռական մրցում մը ունի Քոլոմպիոյ խմբակի իր վերջին մրցումին, որ պիտի հաստատէ խմբակի վերջնական դասաւորումը:

Քոլոմպիա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քոնկոն, ուր Քրիսթըլ Փելեսի յետսապահ Տանիէլ Միւնոս նշանակեց մրցումին միակ կոլը` 76-րդ վայրկեանին:

6-րդ վայրկեանին ալ Միւնոս նշանակած էր կոլ մը, որ սակայն ՎԱՐ չէր վաւերացուցած զայն օֆ-սայտի պատճառով:

Քոլոմպիա շատ աւելի լաւ խաղցաւ քան Քոնկոն, որ լաւ ձեւով պաշտպանուեցաւ: Լուիս Տիաս իր կարգին կոլ մը նշանակեց, որ օֆսայտի պատճառով նկատի չառնուեցաւ:

Քոլոմպիա հաւասարութեան պէտք ունի Փորթուգալի դէմ մնալու խմբակի պարագլուխի դիրքին վրայ, արդիւնք մը, որ Փորթուգալի համար ալ բաւարար կրնայ ըլլալ մնալու Բ. դիրքի վրայ:

Անգլիա, որ համոզիչ յաղթանակէ մը ետք (Խրուաթիա) գլխաւոր թեկնածուներէն մէկը կը նկատուէր, 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց Կանայի հետ իր մրցումը:

«Մեր նպատակը զիրենք զսպել եւ յարձակումները խափանել էր… եւ կրցանք», ըսաւ Կանայի մարզիչ Փորթուգալի Քարլոս Քէյրոշ:

Անգլիա մեծ թիւով յարձակումներ կատարեց եւ քոռնըրներ ձեռք ձգեց, բայց ի զուր: Նիքօ Օ՛րայլի 86-րդ վայրկեանին Կանա քիչ մնաց փենալթի շահէր, երբ Փրինս Ատու հազիւ կը փորձէր հարուածել դէպի Անգլիոյ բերդ, Անգլիոյ յետսապահ Էզրի Քոնսա միջամտեց… Ատու փենալթի կը պահանջէ, սակայն իրաւարարը այդ պահանջը ճիշդ չտեսաւ:

Նոյն խմբակին մէջ Խրուաթիա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փանաման` շնորհիւ Անթէ Պուտիմիրի կոլին:

Այսօր գիշեր ժամը 11:00-ին Էքուատոր պիտի մրցի Գերմանիոյ դէմ, իսկ Քուրասաօ` Փղոսկրեայ Ափունքի, կէս գիշերէն ետք ժամը 2:00-ին Թունուզ` Նետերլանտներու եւ Ճափոն Շուէտի եւ առաւօտեան ժամը 5:00-ին Փարակուէյ պիտի մրցի Աւստրալիոյ դէմ, իսկ Թուրքիա` Ամերիկայի:

Leave a Comment