Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը իր վերջին առիթը ունի ախոյեանի իր յոյսերը պահելու, եթէ Ռիատիի դաշտին վրայ յաղթանակ արձանագրէ ճակատումներու 4-րդ մրցումին:
Զարմանալի երեւոյթ մը տեղի կ՛ունենայ, ուր ամէն խումբ իր մրցակիցի դաշտին վրայ կը յաղթէր առաջին երեք ճակատումներուն:
Առաջին մրցումը պարտուելէ ետք Մըզհերի մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս երեքշաբթի գիշեր ալ պարտութիւն կրեց 70-85 արդիւնքով, մրցումի մը, ուր Փերլա Պու Նասր Բ. մասի սկիզբը վիրաւորուեցաւ եւ դաշտ չվերադարձաւ:
ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկներն էին Ալեքսիս Փրինս եւ Քրիսթին Անիկուէ, մինչ մնացեալ մարզիկները չկրցան իրենք զիրենք պարտադրել: Փրինս 27 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Անիկուէ` 17 կէտ եւ 14 ռիպաունտ:
Յուսանք այսօր Մեղրի, Ամար, Փերլա, Կապի, Ռիմ, Էլիսա եւ բոլոր անոնք, որոնք կը մասնակցին, լաւ եւ արդիւնակէտ ելոյթ կ՛ունենան անպայման յաղթելու եւ հաւասարեցնելու համար ճակատումները` երթալով 5-րդ եւ վճռական մրցումին: