Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Մեծարեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, որուն նախագահը երեսփոխան Ֆատի Ալամէն է, իսկ քարտուղարը` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, գումարեց ժողով մը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի:

Նիստը գումարուեցաւ մեծարելու համար դեսպան Մակրոն Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական աշխատանքի աւարտին մօտենալուն առիթով:

Յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց ու գնահատեց այն ջանքերը, որ Ֆրանսայի դեսպանը թափեց արտակարգ մարտահրաւէրներով յատկանշուած անցնող երեք տարիներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց դեսպանին աջակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան եւ միջազգային հարթակներու վրայ Լիբանանի գերիշխանութիւնը պաշտպանելուն ուղղուած ֆրանսական նախաձեռնութիւններուն անոր հետեւողականութիւնը:

«Ժողովը նաեւ առիթ մը եղաւ շնորհակալութիւն յայտնելու Ֆրանսային` ՖԻՆԻՒԼ-ի մէջ անոր ազդու մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ դեսպանը դնելու հակառակ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան վերջ տալու որոշումի գոյութեան այդ ուժի վերանորոգման նկատմամբ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ», ըսաւ երեսփոխան Ալամէ:

 

Leave a Comment