Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ նշեց, թէ իր երկրի քաղաքականութիւնը հիմնուած է շրջանային անվտանգութեան վրայ, որ պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ ինքնին շրջանի պետութիւններուն կողմէ:
Ան ըսաւ, որ Իրան պատրաստ է շրջանի պետութիւններուն հետ` ներքին հարցերուն չմիջամտելու եւ գերիշխանութիւնը յարգելու հիմամբ գործակցելու:
Քալիպաֆ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարն ու պատերազմին վերջ տալը Իրանի համար նոյնքան կարեւոր է, որքան Իրանի մէջ զինադադարն ու պատերազմին վերջ տալը: