Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն հեռաձայնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Անոնք քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան փոխըմբռնման յուշագիրին շուրջ համաձայնութենէն ետք քաղաքական ու զինուորական իրադարձութիւնները:
Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց Լիբանանի կարեւորութիւնը եւ անոր կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը առաջնահերթ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ յայտնեց Ֆրանսայի եւ այլ բարեկամ երկիրներու պատրաստակամութիւնը` լիբանանեան բանակին աջակցելու միջազգային խորհրդաժողովներու ճամբով, թէ վերակառուցման ջանքերու միջոցով աջակցելու Լիբանանին, որպէսզի յաղթահարէ այն նուրբ փուլը, որ այժմ կ՛ապրի:
Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային եւ անոր նախագահին տեւաբար Լիբանանի կողքին կանգնելնուն եւ անոր աջակցելնուն համար` շեշտելով զինադադարի եւ Իսրայէլի մինչեւ միջազգային սահմաններ հեռացման, լիբանանեան բանակի տեղակայման, բնակիչներուն իրենց քաղաքներ եւ գիւղեր վերադարձի կարեւորութիւնը` առ ի պատրաստութիւն վերաշինութեան աշխատանքի սկսման:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութիւնը, Զուիցերիոյ մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ որդեգրուելուն պարագային, պատրաստ առիթ մըն է, նկատի ունենալով անոր պարունակած զինադադարի ամրապնդման եւ որեւէ խախտում կամ սպառնալիք հետաքննելու մեքանիզմը: