Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց. «Ուղղակի կերպով լիբանանեան կառավարութեան հետ գործ ունինք, եւ Լիբանանի թղթածրարը Իրանէն անջատ է»:
«Շրջանին մէջ թշնամական արարքներուն կարելի չէ վերջ տալ, եթէ Իրանի գործակատարները հրթիռներ կ՛արձակեն», ըսաւ ան:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց, թէ որեւէ պետութեան չ՛արտօնուիր միջազգային ջրանցքներուն վրայ վճարումներ կամ տուրքեր հաստատել: