Մխիթարեան Այցելեց Փիւնիկի Ակադեմիան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկու եւ նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան վերջերս այցելեց իր առաջին ակումբ Փիւնիկի ակադեմիան` հանդիպելով ակադեմիայի սաներուն հետ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Փիւնիկի հիմնական մարզական կեդրոնի դաշտերուն մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ էին բազմաթիւ պատանի ֆութպոլիստներ տարիքային տարբեր խումբերէ:

Հենրիխ Մխիթարեան հանդիպումի պահուն խօսեցաւ իր ասպարէզին մասին, անոր ընթացքին իր ունեցած բոլոր դժուարութիւններուն եւ իր ունեցած երազին մասին:

«Այն, ինչ որ սորված եմ Փիւնիկի հետ խաղցած տարիներուս, ինծի վերածեց այն ֆութպոլիստին, որ այսօր եմ: Ոչ մէկ բանի յանձնուեցէք, եթէ իսկապէս կը սիրէք ֆութպոլը, ուրեմն շատ աշխատեցէ՛ք դուք ձեր վրայ եւ զարգացէ՛ք «ըսաւ, Մխիթարեան, որ հանդիպումի աւարտին նկարուեցաւ պատանի ֆութպոլիստներուն հետ:

Մխիթարեան 6 տարեկանէն եղած է Փիւնիկի ակադեմիայի սան` 2006-ին փոխադրուելով հիմնական կազմ 17 տարեկանին:

Փիւնիկի հետ 70 մրցումներու ընթացքին (մինչեւ 2009) ան 30 կոլեր նշանակած է, ապա միացած է Մեթալուրկ Տոնեցքին եւ տարեշրջան մը ետք գացած է Շախթիոր Տոնեցք, ու 3 տարեշրջաններ փայլելէ ետք 2013-ին միացած է Տորթմունտի: 2016-ին ան Մանչեսթըր Եունայթըտին միացած է, ապա Արսենալին (2018-ին), որմէ փոխ տրուելէ ետք Ռոմային, 2022-ին միացած է Ինթեր Միլանին:

Ան Հայաստանի հաւաքականին հետ 2007-էն 2021 95 մրցումներու մասնակցած է` նշանակելով 32 կոլ:

Leave a Comment