Հայ բռնցքամարտիկ Դաւիթ Չալոյեան նուաճեց արծաթէ մետալ` Չեխիոյ Ուսթի Նատ Լապեմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի բռնցքամարտի կրան փրիի մրցաշարքին:
Չալոյեան հանդէս եկած էր 90 քիլոկրամէն վեր կշիռի մրցումներուն եւ մինչեւ աւարտական դուրս ձգած Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ ներկայացուցիչները:
Վճռորոշ աւարտական մրցումին Չալոյեան պարտութիւն կրեց Հնդկաստանի ներկայացուցիչ Նարենտերին դէմ մրցումին` շահելով արծաթէ մետալ:
Եւրոպայի կրան փրիի այս մրցաշարքին Հայաստան մասնակցած էր երկու մարտիկներով: 70 քկ կշիռի կարգին մէջ մասնակցած էր Արարատ Յարութիւնեան, որ սակայն առանց մետալի աւարտեց իր ելոյթները: