Մոնտիալի մրցումները շարունակուեցան, եւ երէկ առաւօտեան ժամերուն Եգիպտոսի ազգային խումբը Մոնտիալի իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց, իր մասնակցած 4-րդ Մոնտիալին 3-1 արդիւնքով յաղթելով Նոր Զելանտային, Վանքուվըրի մէջ:
Նոր Զելանտա մրցումը լաւ ձեւով սկսած էր եւ 2 առիթներ կորսնցնելէ ետք քոռնըրի մը վրայ բացաւ մրցումին հաշիւը 15-րդ վայրկեանին` կեդրոնի յետսապահ Ֆին Սուրմանի միջոցով:
Եգիպտոս փորձեց փոխադարձել, բայց Մարմուշ, Սալահ եւ Աշուր առիթներ կորսնցուցին մինչեւ կիսախաղ:
Բ. կիսախաղին Սալահ առիթ մը եւս կորսնցուց, մինչ բերդապահ Շուպէյր իր կարգին Եգիպտոսը փրկեց ստոյգ առիթէ մը:
58-րդ վայրկեանին Մուսթաֆա Զիքօ գլխու հարուածով նշանակեց Եգիպտոսի հաւասարութեան կոլը:
10 վայրկեան ետք Զիքոյի փոխանցումէն օգտուելով, Սալահ նշանակեց Եգիպտոսի երկրորդ կոլը, մինչ Թրեզըկէ աւելցուց 3-րդ կոլը 82-րդ վայրկեանին:
Յաւելեալ վայրկեաններուն երկու խումբերն ալ փորձեցին կոլ մը եւս աւելցնել, բայց մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ Եգիպտոսի` 3-1 արդիւնքով:
Այս խմբակի (Է. խմբակ) պարագլուխի դիրքը գրաւեց Եգիպտոս, որ Պելճիքայի հետ հաւասարութիւն արձանագրած էր իր առաջին մրցումին (1-1): Պելճիքա հակառակ լաւ ելոյթ ունենալուն չկրցաւ կոլ նշանակել Իրանի բերդին մէջ:
Իրան ընդհանրապէս կը պաշտպանուէր վստահելով հակայարձակումներու, բայց քանի մը անգամ վտանգաւոր առիթներ ստեղծեց եւ կոլ մըն ալ նշանակեց 25-րդ վայրկեանին, որ սակայն ՎԱՐ-ի միջամտութեամբ չվաւերացուեցաւ օֆսայտի պատճառով:
Պելճիքա առիթներ ստեղծեց, բայց բերդապահ Ալիրեզա Պէյրանվանտ մնաց անդրդուելի:
Ը. խմբակի մրցումներուն, Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա առաջին մրցումին 0-0 արդիւնքով հաւասար մնալէ ետք Քափէ Վերտէի հետ, կրցաւ առաջին 24 վայրկեաններուն 3 կոլեր նշանակել Սէուտական Արաբիոյ բերդին մէջ, եւ աւելի ուշ կոլ մը եւս աւելցնել` ձեռք ձգելով իր առաջին յաղթանակը:
Լամին Եամալ, Միքել Օյարսապալ եւ Հասան Թամպաքթի (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին Սպանիոյ 4 կոլերը:
Եամալ Փելէէն ետք եղաւ առաջին մարզիկը, որ 19 տարեկան չհասած Մոնտիալի իր առաջին մրցումին (հիմնական կազմին հետ) կոլ կը նշանակէ:
Փելէ 1958-ի Մոնտիալին 17 տարեկան էր, երբ կոլ նշանակեց Կալեսի բերդին մէջ քառորդ աւարտականին:
Նոյն խմբակին մէջ Քափէ Վերտէ անակնկալ մը եւս մատուցեց` հաւասարութիւն մը արձանագրելով Ուրուկուէյի հետ (2-2):
Քեվըն Լենինի 21-րդ վայրկեանին նշանակեց Քափէ Վերտէի Մոնտիալին առաջին կոլը:
1930-ի եւ 1950-ի Մոնտիալներու տիտղոսակիր Ուրուկուէյ 2 կոլերով փոխադարձեց մինչեւ կիսախաղ` շնորհիւ Արաուխոյի եւ Քանոպիոյի կոլերուն:
Քափէ Վերտէի յառաջապահ Հելիօ Վարելա 6-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը: Այս կոլէն քանի մը վայրկեան ետք, Արաուխօ կոլ մը եւս նշանակեց, բայց ուրուկուէյցիներուն ուրախութիւնը երկար չտեւեց, երբ ՎԱՐ միջամտելով հաստատեց, որ օֆ սայտ կար:
Այս ձեւով Ուրուկուէյ եւ Քափէ Վերտէ երկու մրցումներէ ետք 2-ական կէտեր ունին եւ միայն վերջին մրցումին պիտի յստականան, թէ ո՛ր խումբերը պիտի հասնին Բ. հանգրուան:
Այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-ին Յորդանան պիտի մրցի Ալճերիոյ դէմ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Փորթուգալ` Ուզպեքիստանի դէմ, գիշերուան 11:00-ին Անգլիա` Կանցի դէմ, իսկ վաղը առաւօտեան առաջին ժամերուն Փանամա կը մրցի Խրուաթիոյ դէմ (ժամը 2:00-ին), իսկ Քոլոմպիա` Քոնկոյի (ժամը 5:00-ին)` եզրափակելով 2-րդ հանգրուանի մրցումները: