Պըրրի Փորձառական Շրջաններու Ստեղծման Դէմ Է

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, հակառակ այն իրողութեան, որ «անոնք իմ գաղափարներէս տարբեր գաղափարներ ունին»:

«Հըզպալլան զինադադարը կը շարունակէ յարգել, եւ Իսրայէլն է, որ զայն կը խախտէ: Մենք կը յուսանք, որ ատիկա ամերիկեան ճնշումով տոկայ, եւ կ՛ողջունենք որեւէ կողմէ որեւէ ջանք, որ Իսրայէլի վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի Լիբանանի վրայ իր նախայարձակ պատերազմը դադրեցնէ», ըսաւ ան:

Պըրրի բացատրելով, թէ ինչո՛ւ փորձառական շրջաններու դէմ է, ըսաւ, որ անոնց աշխարհագրական սահմաններուն շուրջ համաձայնութիւնը կրնայ երկու տարի տեւել, եթէ ոչ աւելի, ի տարբերութիւն հարաւային Լիբանանի նահանգին հիմամբ վարչական բաժանումներու որդեգրման, պայմանով, որ անոնցմէ աստիճանական հեռացումը սկսի լիբանանեան բանակի տեղակայման հետ միաժամանակ:

Խորհրդարանի նախագահը նշեց. «Շահ չունինք ժամանակ վատնելու, որ Իսրայէլի կ՛արտօնէ իր յարձակումը շարունակելու: Լուծումը հարաւային Լիբանանի մէջ բանակի տեղակայման դիմաց իւրաքանչիւր գաւառէ իսրայէլեան բանակի հեռացման ժամանակացոյց որդեգրելն է, որովհետեւ բռնագրաւումէն զայն ազատագրելու ամէնէն կարճ ճամբան կը մնայ, փոխանակ ընկղմինք իւրաքանչիւր փորձառական շրջանի աշխարհագրական սահմաններու ճշդման մէջ, ինչ որ հարաւային Լիբանանը կը պահէ փորձառական շրջաններու բաժանումին շուրջ համաձայնութեան չգոյութեան պատրուակով Իսրայէլի կրակոցի ճնշման տակ:

Leave a Comment