Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Եթէ իրանցիները Հորմուզի նեղուցը փակեն, անոնց երկիրը պիտի ոչնչացուի»` աւելցնելով, որ իր երկիրը կրնայ նեղուցի պահապան հրեշտակը դառնալ եւ քարիւղի 20 առ հարիւրը առնել, «եւ կրնանք Հորմուզի նեղուցը մեր վերահսկողութեան տակ առնել, եթէ ստիպուինք»:
«Եթէ Իրանի հետ համաձայնութիւն չգոյացնենք, Հորմուզի նեղուցէն անցքի համար տուրք պիտի հաստատենք, եւ եթէ Իրան Հորմուզի նեղուցը փակէ, իրանցի բանագնացները պիտի չկարենան իրենց երկիր վերադառնալ: Երէկ իրանցի պաշտօնատարներու հետ խօսեցայ եւ անոնց զգուշացուցի Հորմուզի նեղուցը փակելէ», ըսաւ ան:
Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ Համաս ներկայիս Կազայի մէջ մեծ խնդիրներ չի պատճառեր, եւ պէտք է կեդրոնանալ Իրանի հետ համաձայնութեան վրայ:
«Իսրայէլէն յուսախաբ եմ, որ առանց Լիբանանի մէջ շէնքեր քանդելու չեն կրնար բան մը ընել, եւ Հըզպալլայի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհին ուժ տալու կը մօտենամ», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Ան ըսաւ, որ Թեհրանն ու Լիբանանի մէջ անոր գործակատարները պէտք է անմիջապէս դադրին խնդիրներ ստեղծելէ, «եւ եթէ չկատարեն, անգամ մը եւս ուժեղ կերպով պիտի հարուածենք Իրանը»:
Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ փոխըմբռնման յուշագիրը պարզապէս զինադադարի երկարաձգում է եւ ոչ թէ վերջնական համաձայնութիւն:
Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ ալ գրառում մը կատարելով Իրանին սպառնաց անոր վրայ անգամ մը եւս յարձակումներ շղթայազերծել եթէ աշխատանք չտանի Լիբանանի մէջ «իր գործակատարներու գործողութիւնները» դադրեցնելու:
«Իրան պէտք է անմիջապէս կանգնեցնէ իր գործակատարները, որոնք Լիբանանի մէջ խնդիրներու պատճառ դառնալու դիմաց բարձր ամսավճարներ կը ստանան», նշեց ան:
«Եթէ ատիկա չընեն, անգամ մը եւս բուռն կերպով Իրանը պիտի հարուածենք, ճիշդ ինչպէս անցեալ շաբաթ ըրինք, սակայն աւելի ուժեղ կերպով», յայտարարեց Թրամփ: