Արմէն Նիկողոսեան Հրաժարեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնէն

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ եւ գործադիր կոմիտէի անդամ Արմէն Նիկողոսեան ներկայացուց իր հրաժարականը:

Նիկողոսեան հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութեամբ` նշելով, որ կը հեռանայ ֆետերասիոնի փոխնախագահի եւ գործադիր կոմիտէի անդամի պաշտօններէն:

Միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ կը շարունակէ մասնակցիլ 2029-ի մինչեւ 20 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան կազմակերպման նախապատրաստական աշխատանքներուն, զորս Հայաստան եւ Վրաստան կը հիւրընկալեն միասնաբար:

Արմէն Նիկողոսեան կը նկատուի Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներկայ ղեկավարութեան առանցքային դէմքերէն մէկը: Իր ազդեցութեամբ ան ոչ միայն փոխնախագահ էր, այլ նաեւ ֆետերասիոնի կարեւորագոյն գործիչներէն մէկը, նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանի կողքին:

Իր յայտարարութեան մէջ Նիկողոսեան յիշեցուցած էր, որ տակաւին 2025-ի աւարտին յայտարարած էր 2026-ի գործադիր կոմիտէի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը ետ քաշելու մասին: Սակայն աւելի ուշ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները որոշակի փոփոխութիւններու ենթարկած էին իր որոշումը:

Կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը ան նկատած էր Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբին մասնակցութիւնը Եւրոպայի ախոյեանութեան: Ան օրին զայն անուանած էր աննախադէպ արդիւնք հայկական մարզական կեանքին մէջ: Այդ իրագործումը այդ օրերուն առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցած էր` վերջապէս տեսնելով Հայաստանի Եւրոպայի լաւագոյններուն կողքին` նոյն մակարդակով:

Ան աւելի կարեւոր իրադարձութիւն նկատած էր այն, որ Հայաստան եւ Վրաստան միասնաբար ստացած ՖԻՖԱ-ի 20 տարեկանէն վար Մոնտիալը կազմակերպելու իրաւունքը: Իր կարծիքով` մօտիկ անցեալին ատիկա գրեթէ անհասանելի երազ մըն էր, բայց այժմ իրականացած է, եւ հայկական ֆութպոլը պէտք է ձգտի նոր նպատակներու:

Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր գործընկերուն միասնաբար աշխատելու համար` նշելով յաջողութիւնները եւ ձախողութիւնները, նաեւ ներողութիւն խնդրելով բոլորէն: Ան նշած է նաեւ, որ բազմաթիւ որոշումներու համաձայն չէ եղած, սակայն միշտ ալ հայկական ֆութպոլի շահերը յառաջ մղած է:

Յայտարարութեան աւարտին Նիկողոսեան վստահութիւն յայտնած է, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի ազգային խումբը յաջողութիւններ կ՛ունենայ, քանի որ անոր համար ստեղծուած են բոլոր անհրաժեշտ պայմանները:

«Մեր երկրին կը մաղթեմ ամուր եւ անսասան խաղաղութիւն, իսկ հայկական մարզական աշխարհին եւ ֆութպոլին` նոր յաղթանակներ», ըսած է Նիկողոսեան:

 

Leave a Comment