Ճատրակ. Շանթ Սարգսեան Յաղթեց Մակնուս Քարլսենին

Հայ վարպետ Շանթ Սարգսեան մեծ յաղթանակ արձանագրեց արագ ճատրակի խմբային աշխարհի ախոյեանութեան:

Հոնկ Քոնկի մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանին, Հայաստանի տղոց հաւաքականի անդամը կրցած է յաղթել 5 անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Քարլսենին:

Այս յաղթանակը եղաւ այս հանգրուանի ամէնէն ուշագրաւ արդիւնքներէն մէկը Հայաստանի ճատրակի հաւաքականին համար խմբային աշխարհի ախոյեանութեան:

 

Leave a Comment