Խամենէի Հակառակ «Այլ Տեսակէտ» Ունենալուն Ընդունած Է Ուաշինկթընի Հետ Գործարքը

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէին յայտարարած է, որ սկիզբը համաձայն չէ եղած Միացեալ Նահանգներու հետ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրին, սակայն զայն ընդունած է նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ հաւաստիացումներ ստանալէ ետք:

«Սկզբունքով ես այլ տեսակէտ ունէի: Բայց եւ այնպէս, հաշուի առնելով յարգարժան նախագահի… ինչպէս նաեւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի միւս անդամներուն անունով իրանեան ազգի իրաւունքները… պաշտպանելու մասին ինծի յայտնած յանձնառութիւնը եւ այս հարցին մէջ նախագահին կողմէ պատասխանատուութեան յստակ ստանձնումը, ես այդ մէկը արտօնեցի», իր հրապարակած գրաւոր ուղերձին մէջ բացատրած է Խամենէի:

Կը նշուի, որ Փեզեշքիան Խանեմէիին հաւաստած է, որ եթէ Ուաշինկթըն առաւելապաշտ պահանջներ ներկայացնէ, Թեհրան զանոնք պիտի չընդունի:

 

Leave a Comment