Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Մագլցում. Բուռն Բախումներ Ալի Թահերի Մէջ

Անցնող օրերուն յարձակումներու համեմատական նուազումէն ետք, հարաւային Լիբանանի ճակատին վրայ արձանագրուեցաւ իսրայէլեան մագլցում մը, որուն հետեւանքով Նապաթիէ քաղաքին մէջ արձանագրուեցան տասնեակներով զոհեր:

Իսրայէլեան ռմբակոծումը կեդրոնացաւ Նապաթիէ գաւառի գիւղերուն եւ գիւղաքաղաքներուն վրայ:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց Նապաթիէ քաղաքի, Շարքիէ, Հարուֆ, Քֆարսիր, Քֆարթպնիթ եւ Նապաթիէ Ֆաուքա գիւղերուն վրայ, իսկ իսրայէլեան հրետանին բուռն կերպով ռմբակոծեց Նապաթիէ քաղաքը, Քֆարժոզի շրջանը, ինչպէս նաեւ Քֆարրման, Զըպտին, Նապաթիէ Ֆաուքա, Հպուշ, Սըժոտ եւ Ժապալ Ռաֆիհ գիւղերը:

Իսրայէլեան մագլցումին հետեւանքով մեծաթիւ բնակիչներ Սուրի եւ Պընթ Ժպէյլի գաւառներէն դէպի Սայտա եւ Պէյրութ ուղղուեցան:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ օդային յարձակումներ գործեց Պեքայի մէջ Պուրտայ գիւղին եւ Պաալպեքի մերձակայքը գտնուող Ժամալիէ շրջանին վրայ: Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ «զինադադարի իրերայաջորդ խախտումներուն հակադարձելով» յարձակում գործած է «Պեքայի շրջանին մէջ գտնուող Հըզպալլայի ենթակառոյցներու վրայ»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Նապաթիէի Ալի Թահեր բարձունքներուն վրայ բուռն մարտեր տեղի կ՛ունենան` նշելով, որ արձանագրուած են «չափազանց դժուար դէպքեր», եւ իսրայէլացի զինուորներու շարքին կան զոհեր ու վիրաւորներ:

Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, թէ թակարդը ձգած է շրջան ներթափանցել փորձող իսրայէլեան ուժ մը, ապա թակարդը ձգած երկրորդ ուժ մը, որ շրջան փութացած է իսրայէլեան բանակի զոհերն ու վիրաւորները հեռացնելու համար:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ, մեկնաբանելով հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումները, ըսաւ. «Դժոխքի դռները բացէ՛ք»:

Իսրայէլի Անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր իր կարգին յայտնեց. «Հըզպալլայի կատարած մագլցումէն ետք պէտք է ամբողջ Լիբանանը այրի»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Մեր ուժերը թիրախաւորելէն ետք, բանակին ցուցմունք տուի Հըզպալլայի դէմ ուժեղ յարձակումներ շղթայազերծելու»:

«Մեր զինուորներուն վրայ յարձակումները պիտի չհանդուրժենք եւ Հըզպալլային չափազանց սուղ գին վճարել պիտի տանք», ըսաւ Նեթանիահու:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը յայտեց, որ «Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները կրնան քանի մը օր ետք սկսիլ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին յայտնեց. «Մեր զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն վնաս հասցնելը պիտի չարտօնենք»` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի կողմէ զինադադարի որեւէ խախտում «չափազանց ուժեղ հակադարձութեան պիտի արժանանայ»:

Ան ըսաւ, որ իսրայէլեան բանակը «Լիբանանի մէջ ծովեզերքէն մինչեւ Շըքիֆի ամրոցի բարձունքներ երկարող ապահովական գօտիին մէջ»:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակումներու լոյսին տակ, լիբանանեան կառավարութիւնը պէտք է մերժէ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւնները»:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց իսրայէլեան շարունակուող մագլցումը եւ նշեց. «Այսօր հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի մէջ մեր տեսած իսրայէլեան յարձակումներու ընդլայնումն ու յաւելեալ սպանութիւնն ու քանդումը վտանգաւոր եւ դատապարտելի մագլցում մըն է, մանաւանդ որ թիրախաւորեց տասնեակներով անմեղներ, որոնց շարքին կիներ ու մանուկներ, եւ գործնականին մէջ կը թիրախաւորէ զինադադարը ամրապնդելու եւ պատերազմին վերջ տալու բոլոր ընթացող փորձերը, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներէն ետք»:

«Ատիկա արգելք պիտի չըլլայ կարելի եղածին չափ շուտ համապարփակ զինադադար հաստատելու աշխատանքին, եւ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութեան յաջորդ փուլին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան այս ցուցմունքը տուի:

«Այս հարցը կարելի չէ թեթեւի առնել, որովհետեւ համապարփակ զինադադարը այլ նիւթերու, եւ անոնց կարեւորագոյնները եղող իսրայէլեան հեռացման, բանակի տեղակայման ու գերիներու տունդարձի քննարկման մուտքն է», նշեց նախագահը:

Երէկ յետմիջօրէին ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Իսրայէլ եւ Հըզպալլա համաձայնութիւն գոյացուցին երէկ տեղական ժամանակացոյցով ժամը 4:00-էն սկսեալ զինադադարի շուրջ:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնեց. «Մենք այժմ զինադադարի մէջ ենք, եւ եթէ Հըզպալլան մեր վրայ յարձակում չգործէ, մեզի համար պատերազմի ժամանակ չէ»:

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Արապի» պատկերասփիւռի կայանին հաստատեց, որ Իսրայէլ եւ Հըզպալլա զինադադարի համաձայնութիւն գոյացուցին:

Հըզպալլայէն երկու պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Իսրայէլի հետ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացաւ: Անոնք աւելցուցին. «Հազիւ զինադադարի լուրը ստացանք, մեր կողմէ զայն յարգեցինք»:

Հակառակ այս բոլորին սակայն, Իսրայէլի կողմէ զինադադարի խախտման վերաբերեալ տեղեկութիւններու հրապարակումը շարունակուեցաւ:

Leave a Comment