Թրամփ. «Փոխըմբռնման Յուշագիրը Առանց Նախապայմանի Իրանեան Անձնատուութիւն Մըն Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Իրանի հետ համաձայնութեան շուրջ բանակցեցայ պատերազմին համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի վերածուիլը կանխարգիլելու համար»:

«Իրանի հետ փոխըմբռնման վերջին յուշագիրը իրողութեան մէջ առանց նախապայմանի իրանեան անձնատուութիւն մըն է», յայտարարեց Թրամփ:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց, որ փոխըմբռնման յուշագիրը դժուար ճամբու մը սկիզբն է, եւ անհրաժեշտ է իրանցի ժողովուրդին ու Դիմադրութեան շահերը պաշտպանել «խոստմնադրուժ թշնամիէն»:

Քալիպաֆ շեշտեց, որ Իրան հակառակորդ կողմին պիտի չարտօնէ իրանցի ժողովուրդին եւ Դիմադրութեան ճակատի իրաւունքները խաթարել` իր յանձնառութիւնները խախտելով եւ ուժի տրամաբանութիւնը կիրարկելով:

Ան զգուշացուց, որ եթէ թշնամին ջանայ իր չափազանցուած պահանջները պարտադրել, Իրան պատրաստ է խիստ կերպով հակադարձելու, եւ «մեր մատները բլթակին վրայ են»:

Leave a Comment