Զուիցերիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններու Նիստը Չկայացաւ

Սպիտակ տան բանբերը յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վանս այս գիշեր Զուիցերիա պիտի չմեկնի` Իրանի հետ գումակային բանակցութիւններու ծրագիրներու չամբողջանալուն պատճառով»:

«Գումակային բանակցութիւններու կէտերը բարդ են, եւ անհամբեր կը սպասենք կարելի եղածին չափ շուտ թեքնիք բանակցութիւններուն սկսելու», ըսաւ ան:

Սպիտակ տան բանբերը նաեւ նշեց. «Ամերիկեան պատուիրակութիւնը ամբողջովին պատրաստ է առաջին իսկ առիթով մեկնելու` թեքնիք բանակցութիւններուն սկսելու համար»:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը հինգշաբթի գիշեր «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իրանեան պատուիրակութիւնը առկախեց Զուիցերիա իր ճամբորդութիւնը` հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման պատճառով»:

«Թեհրան նախապէս ամերիկեան կողմին ու միջնորդներուն յայտնած էր, որ Լիբանանի թղթածրարը իրեն համար բանակցութիւններուն կայացման, շարունակման կամ դադրեցման համար հիմնական նշանակութիւն ունի», աւելցուց աղբիւրը:

«Թեհրան զգուշացուց, որ լիբանանեան հողերէն 10 քիլոմեթր ներս իսրայէլեան գործողութիւններու եւ յարձակումներու շարունակութիւնը փոխըմբռնման յուշագիրի առաջին կէտին ու շրջագծային համաձայնութեան բացայայտ խախտում է», նշեց աղբիւրը:

Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարը երէկ առաւօտեան յայտարարեց. «Ուրբաթ օր, Պիւրկենսթոքի մէջ Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւններ տեղի պիտի չունենան»:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իսհաքտար աւելի ուշ յայտնեց, որ Զուիցերիոյ մէջ բանակցութիւններու չկայացման պատճառը իրանցի պաշտօնատարներու իսլամական օրացոյցի մուհարրամ ամսուան կրօնական արարողութիւններով զբաղուած ըլլալն է` շեշտելով, որ անոնց մեկնարկման որեւէ արգելք չկայ:

Փաքիստանեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ բանակցութիւնները պէտք է շարունակել 60 օր տեւողութեամբ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը աւելի ուշ հաղորդեց. «Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները կրնան քանի մը օր ետք սկսիլ»:

Լիբանանի խորհրդարանի Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ըսաւ. «Իրան Հըզպալլային յայտնեց, որ Ամերիկայի հետ բանակցութիւնները չեն կրնար շարունակուիլ, առանց համապարփակ զինադադարի»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն ուղղակի պատասխանատուութիւնը կը կրեն»:

 

 

Leave a Comment