Ակնարկ. Զուիցերիոյ Հանդիպումին Առկախման Թաքուն Պատճառը

Զուիցերիոյ սպասուած հանդիպումին առկախումի պատճառները տարբեր մեկնաբանութիւններ ստացան: Ուաշինկթընը դասաւորումի գործնական պատճառներով բացատրեց յետաձգումը, իսկ միջնորդ Փաքիստանը` Իրանի մէջ կրօնական տօնի նախապատրաստական աշխատանքներով եւ տօնին հետ կապուած կանոնական խնդիրներով: Աւելի բացատրական, կիսապաշտօնական մեկնաբանութիւններ տրուեցան լիբանանեան թնճուկին հետ կապուած երեւոյթներուն վերաբերող:

14 կէտնոց առաջին յօդուածին մէջ ներառուած է Լիբանանը: Կրակի դադրեցում բոլոր արտաքին ճակատներուն վրայ, ընդ որում` Լիբանանի մէջ: Այս մէկը կ՛ենթադրէ Իրանին կառչածութիւնը իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնել տալու հրամայականին, իբրեւ նախապայման որեւէ համաձայնութեան յանգելու:

Իսրայէլի անհանգստութիւնը հետզհետէ կը խորանայ: Այս անհանգստութեան զարգացումը կը չափուի նաեւ Լիբանանի վրայ յարձակումներու սաստկացումով: Պատահական չէ ընտրուած ժամանակը: Իրադրութիւններու ընթացքը նկատի ունենալով, նպատակը այս սաստկացումին առկախել է Զուիցերիոյ հանդիպումը: Փաստաթուղթի կէտերը համաձայնեցուած են, նախաստորագրութիւնը կայացած, Վերսայի եւ Թեհրանի մէջ երկու կողմերուն նախագահները ստորագրած են յուշագիրը. կը մնար վերջին արարողակարգային եւ փաստաթուղթերու փոխանակման բաժինը: Հիմա Իսրայէլ ա՛յդ է, որ կը փորձէ առկախել, խանգարելու համար գործընթացը:

Խնդիրը միայն անվտանգային խորք չունի: Իսրայէլ յայտարարած էր երկու հիմնական առաջադրանք` արմատապէս չէզոքացնել Հըզպալլան եւ նուիրականացնել անվտանգութեան գօտին: Այս երկու առաջադրանքներուն չառարկայանալը անպայման պիտի ազդէ ներիսրայէլեան իրավիճակին վրայ: Գործող վարչապետը շատ լուրջ ընդդիմութիւն կը դիմակայէ. ձեռնարկուած է արդէն իրաւական գործընթաց` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման համար: Վարչապետն ու իր ներկայացուցած քաղաքական ուժը հարցականի առջեւ են ոչ միայն իրենց վարքագիծը շարունակելու, այլ նաեւ պետական պաշտօնները պահելու առումներով:

Հետզհետէ կը մեղմանան Ուաշինկթընի կողմէ Իսրայէլի ինքնապաշտպանուելու իրաւունքի մասին զօրակցական յայտարարութիւնները: Թատերականէն զգուշացման, մեղադրականէն սպառնական տարբեր փուլերէ կ՛անցնի ամերիկեան ճնշումը Թել Աւիւի վրայ, որպէսզի անոր կողմէ կատարուած յարձակումներուն պատճառով ամբողջ գործարք մը, կամ տարածաշրջանի քարտէսի վերագծումը կամ դերերու բաշխման գործընթացը չարգելակուի:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին յայտարարութիւնը այս ընդհանուր պարունակին մէջ պէտք է քննարկել: Ան արձագանգած է Իսրայէլի այն պաշտօնատարներուն, որոնք դժգոհ են Իրանի հետ կնքուած նոր համաձայնագիրէն:

Վանսը կը յիշեցնէր, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ զէնքի մեծ մասը Միացեալ Նահանգներն են, որոնք կը տրամադրեն` իրենց հարկատուներու գումարներով:

Ըստ Վանսի, Թրամփը ներկայիս, միակ պետութեան ղեկավարն է, որ համակրանք կը ցուցաբերէ Իսրայէլի նկատմամբ: Փոխնախագահը խորհուրդ կու տար «չյարձակիլ» միակ հզօր դաշնակիցին վրայ:

Այս յայտարարութեան մէջ քանի մը յստակ ուղերձ կայ: Իսրայէլ կը պատերազմի ամերիկեան օժանդակութեամբ եւ ամերիկեան զէնքերով: Իսրայէլ մերժուած է ամբողջ աշխարհին կողմէ: Իսրայէլ կը գործէ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան:

Այս հաստատումները դիւանագիտականօրէն կը հասկցուին այնպէս, որ Թել Աւիւ պէտք չէ շեղի ամերիկեան որոշումներէն: Եւ եթէ Ուաշինկթըն համաձայնած է Թեհրանին հետ, ապա Թել Աւիւ պարզապէս պիտի հետեւի այդ համաձայնութեան եւ դադրեցնէ յարձակումները Լիբանանի վրայ:

Իսրայէլ յաջողեցաւ առկախել Զուիցերիոյ հանդիպումը: Չեղեալ նկատուած չէ սակայն համաձայնութիւնը, որ ստորագրուած է: Յայտնապէս դասաւորումի կամ կրօնական պատճառներուն տակ թաքնուած է Լիբանանի թնճուկը: Իսկ այդ թնճուկը հանգուցալուծելու համար Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը զգուշացումներ կատարած է Իսրայէլի կառավարութեան:

Իսրայէլի հնչեցուցած հռետորական սպառնալիքները կը շարունակուին: Մինչ կը նեղնան անոր խուսանաւումի եւ համաձայնութիւնը չեղեալ նկատելու նկրտումներուն կարելիութիւնները:

«Ա.»

Leave a Comment