Եւրոպայի Բաժակներ. Հայկական Խումբերը Իմացան Իրենց Մրցակիցները

Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցումներու իր մրցակիցը իմացաւ, երբ երեքշաբթի օր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցան 2026-2027 տարեշրջանի վիճակաձգութիւնները:

Արարատ Արմենիա Լաթվիոյ Ռիկային դէմ պիտի մրցի վիճակաձգութեան արդիւնքով:

Առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, 7 յուլիսին, իսկ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 15 յուլիսին, Լաթվիոյ մէջ:

Վիճակաձգութիւնը այդքան ալ դիւրին չէր հայկական ակումբին համար, եւ հաւանական մրցակիցներու խումբին ընդգրկուած են ակումբներ Ճիպրալթարէն, Կալեսէն, Հիւսիսային Իրլանտայէն եւ Էսթոնիայէն, սակայն Հայաստանի ախոյեանութեան մրցակից ընտրուեցաւ այդ ցուցակի ամէնէն բարձր դասուած Ռիկան:

Անցեալ տարեշրջանին Ռիկա հասած էր «Քոնֆերենս լիկ»-ի փլէյ-օֆ, ուր պարտուած էր Սփարթա Փրակայի դէմ մրցումին:

«Քոնֆերենս լիկ»-ի մրցաշարքին, Փիւնիկ եւ Ալաշկերտ իրենց կարգին իրենց մրցակիցները իմացան վիճակաձգութենէն ետք:

Փիւնիկ պիտի մրցի Մալթայի Մարսաքսլոկի դէմ: Երթի մրցումը 9 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Մալթայի մէջ, իսկ դարձին Փիւնիկ կը հիւրընկալէ իր մրցակիցը, 16 յուլիսին:

Ալաշկերտ պիտի մրցի Ղազախստանի Ելիմայ խումբին դէմ: Երթին Ալաշկերտ պիտի հիւրընկալէ իր մրցակիցը, որ դարձին պիտի հիւրընկալէ Ալաշկերտը:

 

Leave a Comment