Վերջերս, Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցաւ Վլատիմիր Տվորքովիչի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը:
Աքթոպէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ Սերկէյ Սկլոկին-Բագիեան, որ 13 տարեկանին ամբողջացուց մեծ վարպետի իր առաջին աստիճանը:
Սկլոկին-Բագիեան առանց պարտութեան աւարտեց մրցաշարքը, 9 կարելի կէտերէն վաստկելով 6 կէտ` գրաւելով 9-րդ մրցանակային դիրքը եւ 25,4 կէտով բարելաւելով իր միջազգային կէտերու հաշիւը:
Մրցաշարքին ընթացքին ան հաւասարութիւն արձանագրեց Անտրէ Եսիփենքոյի հետ, որ 2684 կէտ ունի, ինչպէս նաեւ Տանիլ Տուպովի հետ (2649 կէտ):